
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ` «Միացեալ Նահանգներ կը զգուշացնեն Իրանը թեւաւոր հրթիռներու արձակումը շարունակելէ»` նշելով, որ այդ արարքը կ՛ոտնահարէ միջազգային որոշումները:
«Իրանեան վարչակազմը աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան մեծագոյն հովանաւորն է», նշեց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Միջազգային կայունութիւնը քանդող իրանեան քաղաքականութեան նկատմամբ ձեռնածալ պիտի չմնանք»:
Փոմփէօ Իրանը զգուշացուց, որ պէտք է դադրեցնէ թեւաւոր հրթիռներու առնչուող որեւէ աշխատանք:


