Զոյգ Խրախճանքներ` Կրտսեր Եւ Երէց Պատանեկան Միութիւններուն
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ՀՅԴ Լիբանանի պատանիները միասնաբար դիմաւորեցին Նոր տարին` ընկերային հաճելի եւ ճոխ մթնոլորտը սփռելով պատանեկան միութիւններուն, ընկերներուն եւ ընտանիքներուն մօտ: Պատանեկան միութիւններու Ամանորի առանձին խրախճանքներուն թէ անոնց համար կոմիտէութիւններուն կազմակերպած խրախճանքներուն զուգահեռ, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ընկերային յանձնախումբին կազմակերպած ընդհանուր խրախճանքներն ու տօնական առիթներու ձեռնարկները կը համախմբեն տարբեր միութիւնները` առիթ հանդիսանալով պատանիներուն վերստին հանդիպելու, բաժնեկցելու տօնական մաղթանքներն ու բոցավառելու միութենական աշխատանքներու ոգին:
Դաշնակցական պատանին, հաւատարիմ մնալով սրտով մաքուր ու մտքով վսեմ ըլլալու իր խոստումին, տօնական օրերուն ընթացքին իր պատանեկան միութեան ճամբով նախաձեռնեց ուրախացնել իր շրջանին մէջ գտնուող կարիքաւոր հայ ընտանիքները` սրտի ամենայն գոհունակութեամբ այցելելով եւ տրամադրելով իր ունեցածէն պիտանի նպաստներ: Պատանիները նաեւ ճիգ չխնայեցին շնորհաւորելու իրենց հայրենակիցներուն Նոր տարին` ձեռային աշխատանքներ նուիրելով եւ այդ աշխատանքին ուրախ մթնոլորտն ու ոգին սփռելով տուներուն մէջ:
Իսկ Նոր տարուան սեմին, պատանեկան միութիւնները մասնակցեցան իրենց շատ սպասած կեդրոնական խրախճանքներուն: Այսպէս, երէց պատանիներուն համար Նոր տարուան նշումը խրախճանք էր շաբաթ, 29 դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Լիբանանի տարբեր պատանեկան միութիւններէն աւելի քան 85 երէց պատանիներ դարձեալ առիթը ունեցան համախմբուելու` այս անգամ եռանդուն մթնոլորտով շնորհաւորելու միութիւններուն եւ ընկերներուն Նոր տարին: Պատանիները մասնակցեցան հաճելի խաղերու եւ իրենց պարերով ու երգերով ստեղծեցին տօնական խանդավառ մթնոլորտ բոլորին համար: Աւարտին, Յարութ Լափաճեանի յեղափոխական երգերով պատանիները ոգեւորութեամբ լեցուած փակեցին տարին` իրենց աշխատանքները նոյն շունչով շարունակելու խոստումով:
Իսկ կրտսեր պատանեկան միութիւններէն 110 պատանիներ, կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին ժամադրուեցան «Արագած» ակումբին մէջ: Օրուան յայտագիրը խանդավառեց «Փոքրերու աշխարհ» խումբը, որ տօնական յատուկ խաղերով եւ անակնկալներով ուրախացուց պատանիները, իսկ Կաղանդ պապան բաժնեց անոնց նուէրները: Սոյն խրախճանքը առիթ հանդիսացաւ, որ պատանիները անգամ մը եւս հանդիպին եւ ապրին տօնական ճոխ մթնոլորտը:




