Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

January 4, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական օրերուն առիթով` հինգշաբթի, 3 յունուար 2019-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նելլի Վեքիլեանին, շնորհաւորական այցելութիւն տուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին:

Շրջանային վարչութիւնը վեհափառ հայրապետին հետ արծարծեց ԼՕԽ-ի յառաջիկայ եւ ընթացիկ բարեսիրական ծրագիրները, լիբանանահայ գաղութի ընկերային կեանքը յուզող տագնապները եւ առկայ իրավիճակի բարելաւման, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին օժանդակութեան միջոցները:

Պատուիրակութեան անդամները վեհափառ հօր հետ արծարծեցին նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան` ի մասնաւորի Հայաստանի, սուրիահայութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան կարիքներուն հասնելու ծրագիրները:

Վեհափառ հայրապետը դրուատեց ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութիւնը, կատարեց օգտաշատ յանձնարարութիւններ, օրհնեց խաչուհիներուն կամաւոր աշխատանքը եւ իր հայրական զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց:

Շրջանային վարչութեան անդամները առաջնորդ սրբազան հօր հետ տեսակցութեան ընթացքին անոր ներկայացուցին ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերուն յառաջիկայ ամիսներու ծրագիրները: Անոնք սրբազան հօր հետ խօսեցան նոր ծրագիրներու մասին: Սրբազան հայրը գնահատեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի տարած բոլոր աշխատանքները, քաջալերեց կամաւոր ծառայելու ոգին, զոր կը տեսնէ խաչուհիներուն մօտ:

Հանդիպման աւարտին, իր օրհնութիւնը տալէ ետք, առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Շրջանային վարչութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրակցելու ծրագրուած աշխատանքներուն:

Նախորդը

Տօնական Մթնոլորտի Մէջ. Աւելի Քան 400 Մանուկներ Եւ Պատանիներ Տօնեցին «Սպիտակ Ծնունդը»

Յաջորդը

Վիքթոր Հիւկոյի «Թշուառները» Վէպի Հերոսին Արարքը Գործուած Է Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.