
Սպանական անուանի «Մարքա» պարբերաթերթը ներկայացուց 2018-ի իր ընտրած լաւագոյն ֆութպոլիստներուն ցանկը:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի: Ռէալ Մատրիտի միջնապահը` Լուքա Մոտրիչ, կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ: Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Անթուան Կրիզման (Աթլեթիքօ Մատրիտ):
Նախորդ ամառ Ռէալ Մատրիտէն Եուվենթուս տեղափոխուած Քրիսթիանօ Ռոնալտօ չորրորդ է:


