
Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 դեկտեմբերին, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա) տեղի ունեցաւ Ռաուտա Տըքուանէ-ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը:
Մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 7-1 արդիւնքով:
2 կոլ նշանակեցին Հայկ Խաչերեան եւ Փիեռ Քազզի, մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Մհեր Սիւրմենեան, Խաչիկ Սերոբեան եւ Աւագ Պալապանեան:


