Շաբաթ, 29 դեկտեմբերին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի հանդիպումները:
Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Սամտորիան, շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը` իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ (2-1):

Փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (2-րդ եւ 65-րդ` փենալթիով): Ֆապիօ Քուակլիարելլա նշանակեց հիւր կազմին կոլը (33-րդ` փենալթիով):
Նշանակելով տարեշրջանի իր 14-րդ կոլը` Ռոնալտօ այժմ կը գրաւէ Իտալիոյ ռմբաձիգներուն դասաւորման առաջին դիրքը:
Այս յաղթանակին շնորհիւ, Եուվենթուս յաջողեցաւ իտալական մրցանիշ մը հաստատել` նկատի ունենալով, որ ցարդ ոչ մէկ խումբ յաջողած էր երթի մրցումներուն ապահովել 53 կէտ:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի, որ յաղթեց Պոլոնիային (3-2), այժմ 9 կէտով կը գերազանցէ Եուվէն:
Միլանօ քաղաքի երկու խումբերը` Ա. Սէ. Միլան եւ Ինթեր Միլան, իրենց կարգին յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար ՍՓԱԼի (2-1) եւ Էմփոլիի (1-0) դէմ:
Վերջին դիրքին վրայ գտնուող Քիեւօ Վերոնա բաւական սպասելէ ետք ի վերջոյ արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով նախավերջին դիրքը գրաւող Ֆրոսինոնէն:


