
Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին դիմագրաւած խոչընդոտները կը յամենան, որովհետեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը կառչած կը մնան իրենց պահանջներուն` առանց զիջումի նշոյլի մը մասին իսկ մտածելու:
Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը, որ կը վայելէ Հըզպալլայի ուղղակի եւ Ամալ շարժումի անուղղակի զօրակցութիւնը, կը շարունակէ հաստատել, որ նոր կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութեան առումով ոչ ոք կրնայ զիրենք շրջանցել:
Սիւննի անկախ երեսփոխանները հաստատեցին, որ իրենց ներկայացուցիչը իրենք պիտի ընտրեն:
Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը ընդգծեց, որ նախարարի թեկնածուի առումով իրենք առաջադրած են չորս անուններ, որոնք են` Հասան Մրատ, Ալի Համատ, Օսման Մաժզուպ եւ Թահա Նաժի: Հանդիպումը նշեց նաեւ, որ այդ անուններուն վրայ կրնայ աւելնալ նաեւ նոր անուն մը` ընդգծելով, որ միայն իրենց առաջարկած անունները կրնան հանդիպումը ներկայացնել:
Ըստ «Ախպար»-ի. «Պըրրի Հարց Կու Տայ Հարիրիին, Թէ Ո՛վ Է Կառավարութիւնը Կազմողը, Ի՞նք Թէ՞ Պասիլ»
Միւս կողմէ, «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, 22 դեկտեմբեր 2018-ին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ հանդիպումին ընթացքին, երբ Հարիրի խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած է Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի այն պահանջը, որ Պըրրի կենսոլորտի նախարարութիւնը զիջի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Պըրրի հարց տուած է Հարիրիի՞ն, թէ ո՞վ է կառավարութիւնը կազմողը, ի՞նք, թէ՞ Պասիլ:
Նոյն օրաթերթը նշած էր, թէ Պըրրի-Հարիրի հանդիպումը, որ միայն 12 վայրկեան տեւած է, աւարտած է Պըրրիի այն հաստատումով, որ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան պէտք է ութ նախարար ունենան:
Աւելի ուշ, վարչապետ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին «Ախպար»-ի մէջ լոյս տեսած այս տեղեկութիւնները:


