
Մարզական շարք մը լրատուամիջոցներու, որոնց կարգին` «Մարքա»-ի համաձայն, այնպէս կը թուի, որ սպանացի ֆութպոլիստ Սեսք Ֆապրեկաս պիտի լքէ իր ակումբը` Չելսին, եւ այլ կազմի մը միանայ:
Ճշգրտօրէն չի նշուիր, թէ ան ո՛ր ակումբին պիտի միանայ, սակայն, ըստ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, որոնք ցարդ կը նկատուին ոչ պաշտօնական, ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզը պիտի շարունակէ Անգլիայէն դուրս:
Կը խօսուի Մոնաքոյի մասին:
Այս տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 14 մրցում` նշանակելով 1 կոլ եւ կատարելով 2 էսիսթ:


