
Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզումի թանգարանին աջակցութեամբ շարունակուող «Վաղ ահազանգ» նախագիծի ծիրին մէջ հրապարակուած է «Ցեղասպանութիւն իրագործելու վտանգ ունեցող երկիրներու ցանկ»-ը:
Հետազօտութիւնը կատարուած է 30 երկիրներու մէջ, ուր յառաջիկայ տարուան մէջ հազարէն աւելի մարդ սպաննելու հաւանականութիւն կայ:
Ցեղասպանութիւն իրագործելու բարձր հաւանականութիւն ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութիւնը, շուրջ 30,9 առ հարիւր վտանգով կը գրաւէ առաջին դիրքը, իսկ Թուրքիան, 2018-2019 տարիներու տուեալներուն համաձայն, Աֆղանիստանէն, Եգիպտոսէն, Հարաւային Սուտանէն, Փաքիստանէն, Եմէնէն, Անկոլայէն ետք 11,2 առ հարիւր վտանգով 8-րդն է: Սուրիան 15-րդ դիրքին վրայ է:


