27 դեկտեմբերին աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութեան համաձայն, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգին վերաբերող հարցեր:



