Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Շաթահի Սպանութեան 5-րդ Տարելից

December 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի սպանութեան 5-րդ տարելիցին առիթով երէկ վարչապետ Սաատ Հարիրի կատարեց թուիթըրեան գրառում մը, որուն ընդմէջէն ան շեշտեց, որ հինգ տարիներ անցած են, սակայն Շաթահ միշտ մեր յիշողութեան մէջ կը մնայ:

«Շաթահի երկխօսութեան տիտան եւ չափաւորական կեցուածքի տէր ըլլալու օրինակով կ՛առաջնորդուինք: Ամէնէն աւելի կարօտալի է Շաթահի անկեղծութիւնը, որ ներկայիս հազուագիւտ է», գրեց վարչապետ Հարիրի` ընդգծելով, որ իրենք իրենց գործունէութիւնը պիտի շարունակեն` հաւատարիմ մնալով նահատակ Շաթահի եւ իր հօր` նահատակ Ռաֆիք Հարիրիի յիշատակին:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ Մոհամետ Շաթահ խիղճն է զինք սպաննող ոճրագործներուն, «սակայն անոնք չյաջողեցան Շաթահը սպաննել, այնքան ատեն որ անոր ուղեգիծը շարունակողներ կան», հաստատեց Ժահժահ:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Տիմա Ժամալի իր կարգին թուիթըրեան գրառումով մը նշեց, որ Շաթահ ազատ խօսքի, յանդուգն կեցուածքի եւ չափաւորականութեան խորհրդանիշն էր, որուն կարիքը ունի այսօր Լիբանան:

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ Շաթահի սպանութեամբ ինք կորսնցուցած է մտերիմ բարեկամ մը, ինչպէս որ Լիբանան կորսնցուցած է երկխօսութեան խորհրդանիշ մտաւորական մը:

Մուաուատ շեշտեց, որ Շաթահ չափաւորական քաղաքական անձնաւորութիւն մըն էր, որ կը հաւատար Լիբանանի ազատութեան եւ անոր բազմազանութիւնն ու օրինականութիւնը պաշտպանած էր մինչեւ իր սպանութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապաշ շեշտեց, որ Շաթահ պայքարած է ի խնդիր երկխօսութեան եւ չափաւորականութեան ամրապնդումին:

Երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման Շաթահի սպանութեան 5-րդ տարելիցին առիթով հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան պետութեան, պետական հաստատութիւններուն եւ չափաւորականութեան:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահ ամէն ջանք ի գործ դրած է երկխօսութիւն կատարելու եւ չափաւորականութիւն որդեգրելու:

 

Նախորդը

«Մեր Ուսումնասիրութիւններուն Համաձայն, Նուազագոյն Աշխատավարձը Պէտք Է Մէկուկէս Միլիոն Լ. Ոսկի Ըլլայ» Շեշտեց Պշարա Ասմար

Յաջորդը

Ապպաս Իպրահիմ. «Պէտք Է Քաղաքական Լարուածութիւններէն Հեռու Մնալ»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.