Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաթիս Եւ Թրամփ Ստորագրած Են Ամերիկեան Ուժերը Սուրիայէն Հեռացնելու Որոշումը

December 25, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնէն հեռացող Ճէյմս Մաթիս ստորագրած է ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն հեռացնելու մասին հրամանը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը:

Փենթակոնի մամլոյ քարտուղարը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է լուրը` նշելով, որ նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւս ստորագրած է հրամանագիրը:

Նախապէս Սպիտակ տան աշխատակազմի ղեկավարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Միք Մալվինին «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին խոստովանած էր, որ նախագահի որոշումը քաղաքական շրջանակներուն եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ հաւանութեան չէ արժանացած, սակայն, ըստ անոր, զօրքերու հեռացման գաղափարին աջակցած են «շարքային ամերիկացիները»:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ 19 դեկտեմբերին յայտարարած էր ամերիկեան ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու հոլովոյթի մեկնարկի մասին: Թրամփի համաձայն, իրենց առաջադրանքը իրականացած է, ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը պարտութեան մատնուած է: Ատկէ ետք Փենթակոնի ղեկավար Ճէյմս Մաթիս եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ այլ երկիրներու հետ գործակցութեան յատուկ ներկայացուցիչ Պրեթ Մքկըրք հրաժարական տուած էին:

Թրամփ կիրակի օր յայտարարեց, որ յունուար 2019-ին Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ Փենթակոնի ղեկավարի առաջին տեղակալ Փաթրիք Շանահանը:

 

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Վարչապետը Երախտագիտութիւն Կը Յայտնէ Բրիտանական Բանակին` Երկիրը Ռուսիոյ Ներխուժումէն Պաշտպանելուն Համար

Յաջորդը

Թրամփ. «Էրտողան Այն Անձն Է, Որ Կրնայ Վերջ Տալ Սուրիոյ Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Մնացորդին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.