Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուկ Յիսուսը` Հաշտութեան Առաքեալ

December 25, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅՐ ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ
Օգնական Եպիսկոպոս

Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Թեմին

Ս. Ծնունդին կը տօնենք մանուկ Յիսուսը, որ երկինքէն իջաւ մեզի բերելու համար սէրը, խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը` յաղթահարելու համար ատելութիւնը եւ յոյս տալու` անյոյսներուն, յոգնածներուն, տկարներուն եւ յուսախաբ եղողներուն:

Հրեշտակը ուրախ լուրը հռչակեց. «Ձեզի մեծ ուրախութիւն մը կը հռչակեմ այսօր, ձեզի ծնաւ Փրկիչ մը, որն է Տէրը» : Այս ուրախ լուրին առաջին ունկնդիրները այս աշխարհիս մեծերը չէին, այլ` աղքատները եւ անոնք, որ աւելի պէտք ունէին: Հովիւները` այն ժամանակուան աղքատները եւ անոնք, որ աւելի պէտք ունէին: Տէր Յիսուսը, զոր կը տօնենք, եկած է յատուկ առաքելութեան մը համար: Ինքն իսկ կ՛ըսէ Աւետարանին մէջ. «Ես եմ լոյսը աշխարհի, ով որ ինծի կը հետեւի խաւարին մէջ չի քալեր», «Ես եմ ճանապարհը» կամ «Ես եմ դուռը» : Արդարեւ, Քրիստոս եկաւ բանալու իսկական կեանքին դուռը: Այս տօներուն առիթով, խորհինք բոլոր անոնց մասին, որոնց Յիսուս դուռ մը կը բանայ:

Մեծ ուրախութիւն է, երբ կ՛անդրադառնանք, թէ Յիսուս ներկայ է ամէն վայրկեան: Ներկայ է մեզ մաքրելու եւ մեզ ձերբազատելու մեր մեղքերէն եւ խեղճութիւններէն:  Իսկական ուրախութիւնը իր խաղաղութիւնն է: Իսկ ուրախ լուրը այն է, որ այս խաղաղութիւնը կրնանք ամբողջ մարդկութեան նուիրել:

Մեր անձին, մեր հոգիին փրկութիւնը կը ցոլայ աչքերուն մէջ, այս նորածին մանկան, որ մեզի կը սպասէ ախոռի մը մէկ անկիւնը, մսուրի մը մէջ խանձարուրուած, բացարձակապէս մերկացած աստուածային իր փառքէն  եւ զգեցած մարդկային մեր խեղճութիւնները` մեզմէ վերցնելու համար ամէն վախ ու մեզ կապելու եւ հաշտեցնելու մենք մեզի հետ, Աստուծոյ հետ եւ մեր նմանակից եղբայրներուն հետ:

Ծնունդին առիթով, շնորհակալութիւն յայտնենք անոր որ մեր Փրկիչը եղաւ: Շնորհակալ ըլլանք, որ մինչեւ մեզի եկաւ` մեր մարդկութիւնը իր ուսերուն վրայ առնելով: Ներողութիւն խնդրենք ամէն բանի համար, որ թերի է մեր պատասխանին մէջ` իր տուած սիրոյն փոխարէն: Մենք հրաւիրուած ենք մսուր երթալու մանուկ Յիսուսի ձեռքերուն մէջ դնելու ինչ որ կոտրած է մեր սրտերուն մէջ: Գտնենք ճամբան, որ կը տանի դէպի Յիսուսի սիրտը, ի՛նք, որ գթութեան եւ ողորմութեան տիպարն է:

Ամէնքս հրաւիրուած ենք դիմաւորելու եւ ընդունելու Փրկիչը: հրաւիրենք զինք, որ մեզ վերանորոգէ: Բանանք մեր դռները, որպէսզի Ան իր իսկական տեղը գրաւէ մեր սրտերուն մէջ: Թողունք, որ իր շնորհը մեզ ազատէ ամէն բանէ, որ մեր որդիական հաղորդութիւնը կ՛ուշացնէ Հօր հետ: Ս. Ծնունդի խորհուրդը ապրիլ կը նշանակէ ընդունիլ Յիսուսը որ կու գայ եւ ամէն բան կը վերանորոգէ մեր մէջ:

Ի՞նչ կ՛ընենք հրեշտակին եւ հովիւներուն պատգամով: Հովիւները պարտականութիւնն ունէին աշխարհին հռչակելու աւետիսը: Մեր կարգին` զայն լսելէ ետք, մենք ալ պարտինք զայն փոխանցել աշխարհին: Մեզի կը մնայ ապրիլ Ս. Ծնունդը, մեր պարտականութիւնն է  վկայել անոր առաքելութեան: Մեզի կը մնայ աղօթել մանուկ Յիսուսին հետ` խաղաղութեան համար, որ տուաւ եկեղեցւոյ եւ ամբողջ մարդկութեան սրտերուն:

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Ռումբի Մը Պայթումին Համազօր Գրառումը

Յաջորդը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ս. Ծննդեան Պատգամը . «Մեր Աչքերը Սեւեռենք Մսուրին Մէջ Մարմնացած Աստուածորդիին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.