Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Պիպլոս Ժըպէյլի մէջ հիւրընկալեց Աթլասը:
Հակառակ անոր որ Աթլաս Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 48-37 արդիւնքով, բայց եւ այնպէս Բ. կիսախաղին պատկերը շրջուեցաւ եւ Ժըպէյլեան խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը 2 կէտի տարբերութեամբ` 81-79 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց Պիպլոսէն` Աարոն Նելսըն, որ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (26 կէտ, 16 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Մալքոմ Ռիլէյ նշանակեց 22 կէտ:
Իսկ Աթլասէն տապըլ-տապըլ իրագործեցին Ալի Ֆարհաթ (15 կէտ, 10 ռիպաունտ) եւ Տերիըն Թաունզ (14 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, ժամը 18:00-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի կը հիւրընկալէ Մութթահետը:



