Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի իր վերջին երկու մրցումները պիտի կատարէ իր դաշտին` «Նուհատ Նաուֆալ»-ի մէջ (Զուք Միքայէլ):
Նշուեցաւ, որ այդ երկու մրցումներուն գծով տեղի ունեցաւ փոփոխութիւն:
Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, Լիբանան – Նոր Զելանտա մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի երեկոյեան ժամը 21:30-ին:
Իսկ Լիբանան – Հարաւային Քորէա մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 24 մարտին, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին:



