Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ «Փիփըլ Քեր Սերվիս Էքօ Սթարթ-ափ»-ի կողմէ կազմակերպուած միացեալ ձեռնարկը:
Տարբեր տեսակի հաշմանդամ երեխաները բաժնուեցան երկու խումբի` «Փիփըլ սէր» եւ «Փիփըլ կեանք»:
Խումբերու խաղացողներուն ընկերացան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի ֆութպոլիստներ Տիգրան Բարսեղեան, Արտակ Եդիգարեան, Ռումեան Յովսէփեան, Արթուր Քարտաշեան եւ հաւաքականի նախկին յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը:
Այս մրցումը վերջ գտաւ 7-7 հաւասարութեամբ: Փենալթիներու ընթացքին եւս արձանագրուեցաւ հաւասարութիւն:
Աւարտին ֆետերասիոնին կողմէ նուէրներ բաժնուեցան երեխաներուն:



