Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող «Սիթ-չես» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Հայաստանի ներկայացուցիչ Մանուէլ Պետրոսեան կը շարունակէ իր յաջող մրցելոյթները:
6-րդ հանգրուանին ան սեւ քարերով յաղթեց սպանացի Ճէյմի Սանթոսին եւ ապահովելով 5,5 կէտ գլխաւորեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Նշենք, որ նոյնքան կէտ ունի նաեւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Ալվարօ Ալոնսօ:
7-րդ հանգրուանին ան ճերմակ քարերով պիտի մրցի նոյնինքն Ալոնսոյի դէմ:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչները` Տիգրան Յարութիւնեան եւ Վահէ Պաղտասարեան, յաջորդաբար ապահոված են 5 եւ 2,5 կէտ:



