Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող Կալեսցի միջնապահ Կերըթ Պէյլ, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան, ճափոնական Քաշիմա Անթլերսի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (3-1) յաջողեցաւ 2 մրցանիշ կրկնել:
Պէյլ, որ այս մրցումին հեթրիք մը իրագործեց (44-րդ, 53-րդ, 55-րդ), հանդիսացաւ երրորդ ֆութպոլիստը, որ կոլ կը նշանակէ աշխարհի երեք տարբեր ակումբներու ախոյեանութիւններուն ընթացքին (Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն եւ Լիոնել Մեսսիէն ետք):
Բացի ատկէ, ան դարձաւ երրորդ ֆութպոլիստը, որ հեթրիք կ՛իրագործէ: Նախապէս այդ իրագործումը կատարած էին Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ (2015-ին) եւ Ռոնալտօ (2016-ին):
Աւարտականի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, Ռէալ Մատրիտ պիտի մրցի Այն խումբին դէմ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), որ իր տոմսը ապահովեց փենալթիներով յաղթելէ ետք արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթին:



