Այսօր` ուրբաթ, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կը կատարուին շարք մը մրցումներ:
Գերմանիոյ մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ կը հիւրընկալէ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախը, ժամը 21:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Անգլիոյ մէջ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ, հիւրը կ՛ըլլայ Վուլվզի (ժամը 22:00-ին):
Իտալիոյ մէջ Ասքոլի կը հիւրընկալէ Պրեշիան (ժամը 22:00-ին):
Իսկ Սպանիոյ մէջ տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ:
Կիրոնա, կը հիւրընկալէ Կեթաֆէն (ժամը 20:30-ին), մինչ Ալաւես հիւրը կ՛ըլլայ Ռէալ Սոսիետատին (ժամը 22:00-ին):


