Սպանական մամուլին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ կ՛ուզէ դարձեալ իր խումբի մարզիչ նշանակել փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոն:
Նշուեցաւ, որ արքայական ակումբը անոր առաջարկած է տարեկան 20 միլիոն եւրոյի աշխատավարձ մը: Ասկէ բացի, անոր խոստացուած է լիազօրութիւն` մարզիկներու փոխանցումներու որոշումներուն մասնակցելու առումով:
Սակայն կը նշուի, որ Ռէալ Մատրիտ Մուրինիոն իրենց մարզիչ պիտի նշանակէ (անշուշտ եթէ ան համաձայն գտնուի) 1 յունիս 2019-էն ետք, որպէսզի Մանչեսթըր Եունայթըտին 5 միլիոն եւրօ փոխհատուցում չվճարէ:
55 տարեկան փորթուգալցին 2010-էն 2013 եղած էր Ռէալ Մատրիտի մարզիչ:
Մինչեւ «Լա լիկա»-ի 2018-2019 տարեշրջանին աւարտը, Ռէալ Մատրիտի ժամանակաւոր մարզիչը պիտի ըլլայ նորվեկիացի Օլէ-Կիւնար Սոլսքիար:



