Պայէրն Միւնիխի յետսապահ Մաթց Հիւմելս մտադիր է հեռանալ իր ակումբէն:
«Պիլտ» կը հաղորդէ, որ 30 տարեկան Հիւմելս որոշած է լքել իր կազմը` այս ձմեռ սկսող մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին:
Նշուեցաւ, որ Հիւմելսի գործակատարը արդէն իսկ կը գտնուի Լոնտոն եւ բանակցութիւն կը կատարէ անգլիական երկու ակումբներու հետ:
Ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու համաձայն, այդ երկու ակումբները կրնան ըլլալ Չելսին եւ կամ Թոթենհամը:



