Արժանթինի ֆութպոլի ոչ արհեստավարժ լիկայի Սփորթինկ եւ Միթրա ակումբներուն միջեւ տեղի ունեցած մրցումին պատահած է տհաճ միջադէպ մը:
Սփորթինկին մաս կազմող Լուիս Մասիել ծանրօրէն խոշտանգեց օրուան կեդրոնի իրաւարարը, որ իրեն դէմ բարձրացուցած էր կարմիր քարտ մը:
Մրցումը անմիջապէս դադրեցաւ եւ իրաւարարը տեղափոխուեցաւ ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցներէն մէկը:



