Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկումի հիմնական նիւթ դարձաւ երթեւեկի խճողումը, ինչպէս նաեւ այն արտակարգ միջոցառումները, որոնք որդեգրուեցան` հեզասահ դարձնելու համար երթեւեկը:
Մաշնուք շեշտեց, որ սրբավայրերուն շուրջ ապահովական բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրուին ապահովելու համար քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը` ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութեամբ, «իսկ եթէ կարիք զգացուի, նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն միջամտութեամբ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նախորդ տարիներուն ընթացքին գործադրուած այս փորձառութիւնը յաջող դուրս եկած է:
Մաշնուք հաստատեց, որ ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս ներքին ապահովութեան ուժերը ինքնաշարժներով պիտի շրջին փողոցներուն մէջ` կանխարգիլելու համար ինքնաշարժով սուրալու հաւանականութիւնը:
«48 ժամ ետք կառավարական կայունութիւնը պիտի աւելնայ ապահովական կայունութեան վրայ: Բոլորը զիջեցան ի շահ երկրին», հաստատեց ան:



