Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Յոյս Ունի, Որ Հայաստանը Տղամարդկութիւն Կ՛ունենայ Միացեալ Նահանգներու Շանթաժը Դիմակայելու Համար» Կ՛ըսէ Քարասին

December 20, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Քարասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յոյս յայտնած է. «Հայաստանի նոր իշխանութիւնները տղամարդկութիւն կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու կողմէ շանթաժն ու ճնշումը դիմակայելու համար»:

«Ընթացիկ տարուան մէջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արմատական փոփոխութիւններու լոյսին տակ, հետզհետէ աւելի անփափկանկատ կը դառնայ Ուաշինկթընի միջամտութիւնը երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող գործերուն», ըսած է Քարասին:

Ան մասնաւորաբար անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հայաստանեան այցելութեան եւ ատոր ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն:

Քարասինի համաձայն, Պոլթըն վիրաւորական որակում տուած է հայ ժողովուրդի պատմական փորձառութեան` զայն անուանելով «պատմական կաղապար», ինչպէս նաեւ Հայաստանին հրամայած է ամերիկեան զէնք գնել, կարելի եղածին չափ արագ միանալ հակաիրանեան պատժամիջոցներուն:

«Եթէ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու հանրային կողմը այսպիսին է, ուրեմն պէտք է միայն պատկերացնել, թէ ինչպիսի՛ «ձեռքի կապոց» տեղի կ՛ունենայ քուլիսներու ետին: Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մէջ անհրաժեշտ լիազօրութիւնը ստացած նոր ղեկավարութիւնը իր մէջ տղամարդկութիւն կը գտնէ բացայայտ արտաքին շանթաժն ու ճնշումը դիմակայելու համար, եւ, առաջնորդուելով ազգային շահերով, կը պայքարի ինքնուրոյն որոշում կայացնելու գերիշխան իրաւունքի համար», ըսած է Քարասին:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ հոկտեմբերին Երեւան այցելած Պոլթըն` մեկնաբանելով արցախեան տագնապը, նշած էր. «Ամերիկեան զէնքը ամէն պարագայի ռուսականէն աւելի լաւ է»:

Բացի ատկէ, Պոլթըն Երեւանին խորհուրդ տուած էր միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ազատիլ «պատմական կաղապարներէն»:

Նախորդը

«Կառավարութեան Կազմութեան Մէջ Հայութեան Կնճիռ Չկայ. Դաշնակցութիւնը Պիտի Պահէ Իր Իրաւունքը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Ալիեւ. «Այս Տարի Ազրպէյճանական Բանակը Նախիջեւանի Կից Յաւելեալ 11.000 Հեկտար Տարածք Առած Է Իր Վերահսկողութեան Տակ»

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.