Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յոյները, Զմիւռնիան Եւ Մենք

December 20, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մ. ԿԵՍԱՐԵԱՆ

1922-ի սեպտեմբեր 13-ին Եգէական ծովու թագուհին` Զմիւռնիա քաղաքը հրկիզուեցաւ քեմալական ուժերու յառաջապահ ներխուժողներուն կողմէ: Յարձակման թիրախը, բնականաբար, քաղաքի յոյներն էին. իրե՛նք ալ զարմացան, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս  յունական հազարամեայ քաղաքը կործանելու սահմանուած հրդեհը սկսաւ հայկական թաղամասէն: Առեղծուածը այդպիսին կը մնայ մինչեւ այսօր: Հայութեան հանդէպ թուրք ազգայնականութեան այս բացարձակ ատելութիւնը բացատրելի չէ: Զմիւռնիոյ կործանումը յոյներու կողմէ «Փոքրասիական աղէտ» անունը կը կրէ. ան նոյն ածականը կրող զինուորական գործողութեան անփառունակ վախճանն էր: Յունական բանակի փայլուն արշաւ մը, որ սակայն կ՛աւարտէր ջախջախիչ պարտութեամբ` այլապէս ու բազմաթիւ ճակատներու վրայ ջախջախիչ պարտութիւն կրած թրքական բանակներուն դիմաց: Յունաստանը ողողուեցաւ մէկ միլիոնի հասնող թշուառ գաղթականներով: Փոքր Ասիոյ մէջ յունական հազարամեակներ տեւած ներկայութիւնը վերջ գտաւ: Իսկ Զմիւռնիոյ հայկական թաղամասը այսօր վերածուած է հանրային պարտէզի, ուր կանոնաւոր կերպով տեղի կ՛ունենայ Զմիւռնիոյ միջազգային ցուցահանդէսը:

Սկզբնական ամիսներու փայլուն յաղթանակը ինչպէ՞ս վերածուեցաւ ամօթալի պարտութեան: Յունական պարտութեան երեւոյթը սխալ հաշիւներու, անձնական շահերու եւ փառասիրութիւններու, սնափառութիւններու եւ պառակտումի երեւոյթներու հետեւանքին ուսանելի օրինակ կրնայ ըլլալ:

Կրետացի Էլեֆթերիոս Վենիզելոսը 20-րդ դարու առաջին յիսնամեակի Յունաստանի ամէնէն փայլուն քաղաքական դէմքն է: Ան առաջին անգամ ըլլալով Յունաստանի վարչապետ դարձաւ, երբ Կրետէն կը վայելէր յատուկ կարգավիճակ` երկար ու վայրագ ազատագրական պայքարէ մը ետք: Յունական պետութիւնը քաղաքական պատճառներով (պէտք է թարգմանել` վախնալով մեծ պետութիւններու հակազդեցութենէն) մինչ այդ չէր արտօնած Կրետէի կցումը Յունաստանին: Վենիզելոսը Պալքանեան առաջին պատերազմէն անմիջապէս առաջ յայտարարեց Կրետէի միացումը Յունաստանին: Պալքանեան պատերազմի աւարտը Յունաստանին պարգեւեց Սելանիկը. Պալքանեան երկրորդ պատերազմին նուաճուեցաւ հիւսիսային Յունաստանը` իր ներկայ սահմաններով:

Յունաստանի ներքին քաղաքական բեմը պառակտուած էր: Թագաւորական ընտանիքը իր համախոհներով մէկտեղ մօտ կը զգար Գերմանիոյ, մինչդեռ ազատական գաղափարներով տոգորուած Վենիզելոսը կողմնակից էր Գերմանիոյ հակառակորդներուն` Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի առաջին ամիսներուն Յունաստանը մասնակից չէր կողմերու դիրքորոշումներու այս արմատական երկուութեան պատճառով: Սակայն 1915-ի ընտրութիւններուն Վենիզելոսը յաղթական դուրս եկաւ: Վարչապետն ալ բացայայտօրէն հակադրուելով թագաւորին` պատերազմ յայտարարեց Առանցքի տէրութիւններուն դէմ: Թագաւորը մեկնեցաւ Յունաստանէն: Յունաստանի դաշնակիցները  տարին ամբողջական յաղթանակ: Գերմանիոյ կողքին,  պարտուած էր նաեւ Օսմանեան կայսրութիւնը:

Դաշնակիցները Վենիզելոսին խոստացած էին առաւելաբար յոյներով բնակուած Զմիւռնիոյ շրջանը: Այս երաշխիքով յունական բանակը մտաւ Զմիւռնիա 1919-ի մայիս 15-ին: Միաժամանակ յունական բանակի մէկ այլ թեւը գրաւեց արեւելեան Թրակիան` առանց համարձակելու մտնել մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ շրջանը: Յունական բանակին նպատակը քեմալական ազգայնական շարժումի զսպումն էր: Սկզբնական շրջանին գործողութիւնները ընթացան շատ յաջող կերպով: Յունական յաղթանակը ապահով կը թուէր ըլլալ: 1920-ի օգոստոսին Սեւրի դաշնագիրը կը հաստատէր այդ յաղթանակը: Զմիւռնիոյ շրջանը առնուազն պիտի կցուէր Յունաստանին:

1920-ի նոյեմբերին, «Փոքրասիական արշաւ»-ի ընթացքին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն Վենիզելոսի կուսակցութիւնը անակնկալօրէն պարտուեցաւ: Վենիզելոսը երեսփոխան նոյնիսկ չընտրուեցաւ: Թագաւորական ընդդիմութիւնը յունական բանակի արշաւանքի ամբողջ ընթացքին տարած էր խաղաղասիրական քարոզչութիւն: Այս սխալը ճակատագրական հետեւանքներ ունեցաւ Յունաստանի եւ յոյն ժողովուրդին համար:

Նոր կառավարութեան առաջին գործերէն եղաւ Փոքր Ասիոյ մէջ յաղթական յունական բանակի ղեկավարութեան փոփոխութիւնը: Բանակի շնորհազուրկ  սպաները մարզուած էին դաշնակիցներուն կողմէ: Նոր կառավարութեան կողմնակից սպաները, բոլորովին անփորձ,չկրցան պահել իրենց նախորդներուն գրաւած դիրքերը: Միւս կողմէ` գերմանասէր թագաւորին հետ սերտ յարաբերութիւններ մշակող նոր կառավարութիւնը Յունաստանի յաղթական դաշնակիցներուն վստահութիւնը չէր կրնար վայելել: Կառավարութեան փոփոխութեամբ, Յունաստանի թէ՛ աշխարհաքաղաքական, թէ՛ ալ զինուորական կացութիւնը բոլորովին շրջուած ըլլալով` յաղթանակի պտուղները պահելը չափազանց դժուարացաւ: Զինուորական տկարացում, բարդացած` աշխարհաքաղաքական շփոթով: Պարտութիւնը անխուսափելի դարձաւ:

Յունական բանակին պարտութիւնը պատճառ դարձաւ ժողովրդային խաւերու թշուառութեան: Յունական բանակը նահաջեց դէպի… երկիր: Շուրջ քառորդ միլիոն մարդ ջարդուեցաւ թուրք բանակայիններու եւ անկանոն զինեալներու կողմէ: Դեռ կարճ ժամանակ մը առաջ տօնախմբութիւններուն մասնակից ժողովուրդէն շատեր, բառին իսկական եւ փոխաբերական իմաստով, ծով թափուեցան: Յունաստանը իբրեւ երկիր տասնամեակներ դրաւ ոտքի կանգնելու համար:

Պարտութեան թոհուբոհին մէջ, բանակի ամբողջական նահանջէն ետք, միայն մէկ յոյն զինուորական մնացած էր կորսուող հայրենիքի հողին վրայ, գնդապետ` Նիքոլաոս Փլասթիրասը: Ան զբաղած էր հաւաքելով մարդկային խլեակները զանոնք դէպի փրկութեան լաստ մը առաջնորդելու համար: Ան զանոնք ապահով վայրեր հասցնելէ ետք գնաց Աթէնք` հաշիւ պահանջելու աղէտի պատասխանատուներէն: Զինուորական դատարանը գթասիրտ չգտնուեցաւ:

Ութ տարի անց Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուեցաւ բարեկամութեան դաշնագիր: Կրկին վարչապետ դարձած Էլեֆթերիոս Վենիզելոսը այցելեց Անգարա, Թուրքիոյ ղեկավար Իսմեթ Ինէօնիւ այցելեց Աթէնք: Մրցակցութիւնը կը շարունակուի ցայսօր:

Այդ ժամանակներու Յունաստանի եւ այսօրուան Հայաստանի միջեւ զուգահեռներ տեսնողները, եթէ կրնան, թող… հանգիստ քնանան:

Պէյրութ, 19 դեկտեմբեր 2018

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հարցազրոյց` Նկարիչ Յովսէփ Գասպարեանին Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.