Երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ «Մաուարետ» դրամատունը իրարու հետ կնքեցին գործընկերութեան համաձայնագիր մը` ներկայութեամբ մեծաթիւ հրաւիրեալներու: Անոնց կարգին էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներկայացուեցան ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբին մարզիկները:
Իր խօսքին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբի ատենապետ Թալին Խաչատուրեան, ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց «Մաուարետ» դրամատան, որ եկաւ իր վստահութիւնը յայտնելու ՀՄԸՄ-ին, որ կու գայ բարձր պահելու Լիբանանի անունը թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային գետնի վրայ` իր ձեռք ձգած յաջողութիւններով:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Փոլ Ճալըֆեանին, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ այս համաձայնագիրը կնքել:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան, որ յաջողութիւն մաղթեց խումբին եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային անիկա աւելի մեծ նուաճումներու ալ կը հասնի:
Ապա տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում եւ կարկանդակի հատում:
Ապա, ՀՄԸՄ Անթիլիասի վարչութեան անդամներն ու «Մաուարետ» դրամատան ներկայացուցիչները այս բացուած նոր էջը որոշեցին շարունակել` նոր նուաճումներ ձեռք ձգելու համար:
Լուսանկարները Տրամադրեց
ՄԻՇԵԼ ՍԱՊՊԱՂ






