Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ հեռացուեցաւ իր պաշտօնէն, յայտնեց ակումբին պաշտօնական կայքը:
«Ակումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Մուրինիոյին` խումբին մէջ իր կատարած աշխատանքին համար, եւ անոր կը մաղթէ յաջողութիւն: Մայքըլ Քարիք իբրեւ ժամանակաւոր մարզիչ պիտի մնայ իր պաշտօնին վրայ, մինչեւ տարեշրջանին աւարտը: Իսկ ակումբը պիտի սկսի իր փնտռտուքին` նոր մարզիչ մը գտնելու համար», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
«Փրեմիեր լիկ»-ի 17-րդ հանգրուանէն ետք, Մանչեսթըր Եունայթըտ 26 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:



