Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներ. Գիւմրիի «Վերածնունդ» Միջազգային Մրցում-Փառատօնի Դափնեկիրներուն Ելոյթը

December 19, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն, Համազգայինի 90-ամեակին եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի  35-ամեակին նուիրուած եզրափակիչ ձեռնարկը` Գիւմրիի «Վերածնունդ» միջազգային մրցում-փառատօնի դափնեկիրներու համերգը տեղի ունեցաւ երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան – Սուրճեան: Ան նկատել տուաւ, որ կազմակերպութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական երաժշտանոցի Գիւմրիի մասնաճիւղին, «Փիւնիկ» մարդկային  պաշարներու համահայկական հիմնադրամին, «Վերածնունդ» մրցում-փառատօնի հասարակական կազմակերպութեան, 10-րդ տարին ըլլալով 5-15 ապրիլին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցաւ տարեկան միջազգային «Վերածնունդ» մրցում-փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին քոլեճէն երեք աշակերտներ` Արի Տագէսեան եւ Ալեքս Տապաղեան` կիթառ, ուսուցիչ ունենալով Մկրտիչ Միքայէլեանը, Միքայելա Պոյաճեան` ջութակ, ուսուցիչ ունենալով Յովհաննէս Գարախանեանը եւ  կիթառի ուսուցիչ Եսայի Սգայեանը: Թամար Սնապեան-Սուրճեան ըսաւ, թէ քոլեճի 10-րդ դասարանի աշակերտ Արի Տագէսեան եւ քոլեճի 7-րդ դասարանի աշակերտ Ալեքս Տապաղեան 38 մասնակիցներուն մէջ տիրացան Ա. մրցանակի` 5-18 տարեկան դասակարգէն, քոլեճի 5-րդ դասարանի աշակերտուհի Միքայելա Պոյաճեան տիրացաւ Բ. մրցանակին` 8-12 տարեկան դասակարգին մէջ, իսկ քոլեճի կիթառի ուսուցիչ Եսայի Սգայեան տիրացաւ Ա. մրցանակին` 23 տարեկանէն վեր դասակարգին մէջ: Ան յայտնեց, որ  քոլեճի կիթառի ուսուցիչ Մկրտիչ Միքայէլեանը, որ հրաւիրուած էր սոյն մրցում-փառատօնին` իբրեւ դատական կազմի անդամ, Գիւմրիի մէջ վարպետութեան դասեր տուաւ` աւելցնելով, որ ան այս տարի եւս հրաւիրուած է իբրեւ դատական կազմի անդամ: Եզրափակելով իր խօսքը` Թամար Սնապեան – Սուրճեան  աշակերտներուն մաղթեց յարատեւութիւն եւ աշխատասիրութիւն` յոյս յայտնելով, որ իրենց ընթացքը միւս աշակերտներուն խայծ մը կ՛ըլլայ, որպէսզի իրենք եւս ցանկան հասնիլ աւելի բարձր բեմեր եւ մրցանքներու մասնակցին:

Այնուհետեւ Ալեքս Տապաղեան կիթառի վրայ նուագեց Ալպենիզի «Ասթուրիաս»-ը, Վիլլա-Լոպոսի «Փրելիւտ թիւ 2»-ը, Տէ Լա Մազայի «Քամփանաս Տել Ալպա»-ն եւ Փիւյոլի «Էլ Ապեխորօ»-ն: Արի Տագէսեան կիթառի վրայ նուագեց Սորի «Ֆանթազիա»-ն,  Վիլլա-Լոպոսի «Էթիւտ թիւ 1»-ը, Փականինիի «Ռոմանզա»-ն եւ Թորոպայի «Սոնաթինա 3-րդ շարժում»-ը: Միքայելլա Պոյաճեան ջութակի վրայ նուագեց Պոմի «Յարատեւ շարժում»-ը, Վերաչինիի «Լարկօ»-ն եւ Խաչատուրեանի «Պատանիներու պարը»` դաշնակի ընկերակցութեամբ Սիրվարդ Սապունճեանի: Եսայի Սգայեան նուագեց Վիլլա-Լոպոսի «Էթիւտ թիւ 11»-ը եւ «Էթիւտ թիւ 12»-ը, Տէ Ֆալլայի «Օմենաժ ա Տեպիւսի»-ն, Պրաուըրի «Տանզա Քարաքթերիսթիքա»-ն եւ Ճուլիօ Սակլերասի «Էլ Քոլիպրի»-ն:

Աւարտին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Պետիկ Ծառուկեան, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Թամար Սնապեան – Սուրճեան գնահատագիրով պատուեցին ուսուցիչներ Մկրտիչ Միքայէլեանը եւ Յովհաննէս Գարախանեանը:

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Հայաստան Հաստատուած Սուրիահայ Գործարարներու Հանդիպումը Նախագահ Պաշշար Ասատի Հետ

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.