Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 76-68 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Շանվիլին

December 17, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան  6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 16 դեկտեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Շանվիլը:

Երկու խումբերը այս ախոյեանութեան սկսան մէկական պարտութեամբ, բայց ՀՄԸՄ մրցում մը նուազ կատարած էր:

Առաջին քորթըրին հիւր կազմը ունեցաւ 4 կէտի առաւելութիւն մը` 24-20 արդիւնքով:

Սակայն բ. քորթըրին, ՀՄԸՄ բաւական մը վերագտաւ ինքզինք եւ բարելաւելով իր խաղարկութիւնը, հանդերձարան ուղղուեցաւ կէտի մը առաւելութեամբ` 39-38 արդիւնքով: Այս քորթըրին ՀՄԸՄ նշանակեց 19 կէտ, մինչ Շանվիլ` 14 կէտ:

Նշենք, որ առաջին երկու քորթըրներուն, ՀՄԸՄ նշանակեց 5 թրի-փոյնթ (փոխան 3-ի), մինչ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Մայք Էֆիպրա` 17 կէտ:

Երրորդ քորթըրին, ՀՄԸՄ աւելի տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ ունեցաւ 14 կէտի առաւելութիւն մը (58-44): Այս քորթըրին, ՀՄԸՄ նշանակեց 19 կէտ` 6-ի փոխարէն:

Չորրորդ եւ վերջին քորթըրին, Շանվիլ փորձեց մրցումին ղեկը իր ձեռքին մէջ առնել, բայց չյաջողեցաւ եւ կրեց 8 կէտի տարբերութեամբ պարտութիւն մը` 76-68 արդիւնքով:

Մրցումին լաւագոյն կոլ-սքորըրը հանդիսացաւ Մայք Էֆիպրա (27 կէտ), մինչ անոր խմբակից Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 18 կէտ:

Շանվիլէն Աթեր Մաճոք տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (12 կէտ,12 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 19 կէտ: Նշենք, որ վերջինս, մրցումին աւարտէն երեքուկէս վայրկեան առաջ 5 ֆաուլով դուրս ելաւ մրցումէն:

Մրցումին ներկայ եղան ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ, որոնք անընդհատ քաջալերեցին իրենց խումբը:

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի-Պասքեթպոլի Մրցումներուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (17 Դեկտեմբեր 2018)

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.