Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ս. Ծննդեան Տօնին Նուէրը Պիտի Ըլլայ Կառավարութեան Կազմութիւնը»

December 17, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ լաւատեղեակ աղբիւրներ հաստատեցին, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ գիշեր հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի հետ` առանց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին շուրջ յառաջխաղացք մը արձանագրած ըլլալու, երէկ Պասիլ այցելեց հարաւային Լիբանան:

Սահմանամերձ շրջան մը կատարած իր այցելութենէն ետք Պասիլ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն հաստատեց, որ Լիբանան իր բանակով եւ Դիմադրութեամբ պաշտպանուած է: «Լիբանան պաշտպանուած է նաեւ իր բազմազանութեամբ, որ պարտութեան կը մատնէ միահեծան Իսրայէլն ու անոր ցեղապաշտութիւնը», աւելցուց Պասիլ:

Միւս կողմէ, Պասիլ այցելեց նաեւ Պընթ Ժպէյլի Ռմէյշ գիւղաքաղաքը, ուր ծաղկեպսակ մը զետեղեց Լիբանանեան բանակի զինուորական գործողութեանց գրասենեակի նախկին տնօրէն զօր. Ֆրանսուա Հաժի դամբարանին:

Պասիլ նախագահեց Ս. Ծննդեան երգերու յատուկ համերգի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ,  երեսփոխաններ Զիատ Ասուատ եւ Սելիմ Խուրի:

Այս առիթով Պասիլ իր խօսքին մէջ ողջունեց սահմանամերձ շրջանի բնակիչները, ինչպէս նաեւ նահատակները, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին հայրենիքին խաղաղութեան համար:

Ան հաստատեց, որ սահմանամերձ շրջանի բնակիչները առաւելագոյն չափով կը դիմադրեն թշնամիին` աւելցնելով, որ անոնք իրաւունքներ ունին, ինչպէս բոլոր քաղաքացիները: «Դուք ձեր իրաւունքները պէտք է կառավարութենէն պահանջէք», հաստատեց Պասիլ:

Ան նշեց, որ Ս. Ծննդեան տօնին նուէրը պիտի ըլլայ կառավարութեան կազմութիւնը: «Սակայն նկատի ունենալով, որ այդ կազմը պիտի ըլլայ բոլորին կառավարութիւնը, ապա պէտք է բոլորը զիջին անոր կազմութեան համար: Եթէ կազմուի կառավարութիւնը, ապա ան պիտի ըլլայ բոլորին յաջողութիւնը, իսկ եթէ կարելի չըլլայ կառավարութիւն մը կազմել, ապա անիկա պիտի ըլլայ բոլորին ձախողութիւնը: Կը փափաքինք, որ նոր կառավարութիւնը ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարի կառավարութիւն մը, որ նոր շունչով պիտի գործէ աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու նպատակով», հաստատեց ան:

 

Նախորդը

Իսրայէլ Չորրորդ Փապուղի՞ Մը Կը Բացայայտէ

Յաջորդը

Փտածութեան Դէմ Բողոքի Ցոյցեր` Պէյրութի Եւ Թրիփոլիի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.