Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Որդեգրեց Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգը Խաշոկճիի Սպանութեան Պատասխանատուն Նկատող Բանաձեւը

December 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ Մոհամետ պըն Սալման իշխանը սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն նկատող բանաձեւը:

Ծերակոյտին որդեգրած բանաձեւը պէտք է հաստատուի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ, ապա ստորագրուելու համար պիտի ներկայացուի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

Նշենք, որ վերջինս քանի մը օր առաջ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած էր. «Կը զօրակցիմ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին` հակառակ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով յառաջացած զայրոյթին»: Ան աւելցուցած էր, որ իշխանը իր երկիրը կը ղեկավարէ եւ շատ լաւ դաշնակից մըն է:

Բանաձեւի նախագիծը մշակած ու ներկայացուցած են Դեմոկրատական եւ Հանրապետական կուսակցութիւնները` գլխաւորութեամբ հանրապետական ծերակուտական Լինտսի Կրահամի:

Փաստաթուղթը օրէնքի ուժ չունի եւ միայն կ՛ամրագրէ հարցին վերաբերեալ Ծերակոյտի դիրքորոշումը:

Բանաձեւը Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը կը նկատէ Խաշոկճիի սպանութեան գլխաւոր պատասխանատուն, որովհետեւ սպանութեան գործադրման ընթացքին ան անձամբ ղեկավարած է անվտանգութեան ուժերը:

Նախապէս ծերակուտականները «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ճինա Հասըլէն Խաշոկճիի սպանութեան դէպքին վերաբերեալ ստացած գաղտնի տեղեկութիւններու վերլուծումէն ետք յայտարարած էին, որ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի սիւնակագիր Խաշոկճիի սպանութեան պատուիրատուն նոյնինքն Մոհամետ պըն Սալման իշխանն է:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Մուտք Պիտի Գործէ Մընպեժ, Եթէ Ուաշինկթըն Քրտական Ուժերը Այդ Շրջանէն Չհեռացնէ» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

«Սուրիան Աւելի Քան Երբեք Վճռակամ Է Ներխուժած Օտար Ուժերը Իր Հողերէն Վտարելու Իրաւունքը Կիրարկելու» Կ՛ըսէ Ժաաֆարի

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.