Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՕԽ. Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան – Քուլուիքի Ներկայացուց «Ընկճուածութիւն Եւ Տարիքային Տրամադրութեան Փոփոխութիւն» Նիւթը

December 14, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ դասախօսութիւնը, որուն նիւթն էր` «Ընկճուածութիւն եւ տարիքային տրամադրութեան փոփոխութիւն»:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսք արտասանեց տոքթ. Սիրուն Վարդապետեանը: Ան նշեց, որ առողջ, ուրախ եւ երկար կեանք մը ապրելու կարեւորագոյն պայմաններէն մէկն է առողջութիւնը, նշելով, որ ներկայ ժամանակներուն կը դիմագրաւենք բազմաթիւ դժուարութիւններ, որոնց պատճառով ընկճուած վիճակ կ՛ունենանք: Ֆիզիքական առողջութեան կողքին, կարեւոր է նաեւ մտային եւ հոգեւոր առողջութիւնը, որոնց չգոյութեան պարագային, ֆիզիքական առողջութիւնն ալ պիտի տուժէ: Ապա ան հրաւիրեց Էլ.Էյ.Եու. համալսարանի հիւանդապահութեան դպրոցի տնօրէն դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան – Քուլուիքին` ներկայացնելու իր նիւթը:

Դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան – Քուլուիքին իր դասախօսութեան սկիզբը խօսեցաւ տնային բռնութեան մասին, որ կիներուն մօտ ընկճուածութիւն կը յառաջացնէ:

Ըստ կարգ մը հետազօտութիւններու, Միացեալ Նահանգներու մէջ ընկճուածութիւնը 6 առ հարիւր է, իսկ Լիբանանի մէջ աւելի բարձր են համեմատական թիւերը, որովհետեւ հոս շատ պատերազմ տեղի ունեցած է: Ապա սահմանեց ընկճուածութիւնը եւ ըսաւ, որ ենթական միշտ տխուր կ՛ըլլայ, չի կրնար լաւ աշխատիլ եւ ընտանեկան ու ընկերային յարաբերութիւնները կը վատթարանան: Նոյնիսկ երբեմն մարդիկ կը հեռանան այդ մարդոցմէ:

Ընկճուածութիւնը երկու տեսակ կ՛ըլլայ, մէկ տեսակը` շատ լուրջ, իսկ միւսը կ՛ըլլայ աւելի թեթեւ: Անոնցմէ ոմանք արագ կը բուժուին, իսկ այլ պարագաներու երկար տարիներ մարդոց հետ կ՛ապրի: Ան կը պատահի բոլոր տարիքի անձերու մօտ` տղամարդոց եւ կիներու մօտ:

Դասախօսը նշեց, որ տրամադրութեան, ծննդաբերութեան, եղանակային, մեծերու եւ ներգաղթեալներու ընկճուածութեան տեսակներ կան: Ապա անդրադարձաւ յատկապէս տարիքով մեծ անձերու եւ հայ ներգաղթեալներու մասին: Ան յայտնեց, որ հայերը կարգ մը քաղաքներու մէջ ընկճուածութիւն կ՛ունենան, որովհետեւ փոքրամասնութիւն են: Ըստ հետազօտութեան մը, կիները աւելի ընկճուածութիւն կ՛ունենան ընտանեկան հարցերու պատճառով: Պատերազմի պատճառով յառաջացած ընկճուածութիւնը շատ դժուար է բուժել: Ան ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ ժողովուրդին 17-25 առ հարիւրը ընկճուած է: Այս համեմատութիւնը աշխարհի հետ բաղդատած` բարձր է: Ասոր պատճառը ոչ միայն Լիբանանի պատերազմն է, այլ նաեւ` ներկայիս երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը:

Ապա դոկտ. Անահիտ Տէր Վարդանեան-Քուլուիքին խօսեցաւ այն ձեւերուն կամ նշաններուն մասին, որոնցմով կարելի կ՛ըլլայ որոշել, թէ ենթական ընկճուածութիւն ունի՞: Կան հինգ հարցումներ, որոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ ախտորոշել ընկճուածութիւնը: Ընկճուած  կիներ տասը տարի այս հիւանդութիւնը կ՛ունենան եւ չի գիտցուիր:

Ի՞նչ են այն չափանիշները, որոնց միջոցով կարելի է բացայայտել ընկճուածութիւնը: Մնայուն տխուր, յուսահատ, ուժաթափ, յոգնած են, ծանրութիւն կը կորսնցնեն, խղճի խայթ կ՛ունենան: Այս անձերը նոյնիսկ անձնասպան կ՛ըլլան: Ընկճուած մարդիկ կը ծխեն, ալքոհոլ կը գործածեն: Մահուան պարագաները, ծնողք-զաւակ յարաբերութեան վատթարացումը կամ բաժանումը ընկճուածութիւն յառաջացնող ազդակներ են: Ընդհանրապէս ընկճուած մարդիկ կ՛արտայայտուին, որ տարբեր մարմնական ցաւեր ունին: Անոնք երբեմն շատ կ՛աշխատին մոռնալու համար իրենց վիճակը: Հոգեբաններու մօտ երթալը չի նշանակեր, որ ենթական խենթ է: Հիմա հոգեբան բառը փոխարինուած է դարմանատնային խորհրդատուով, որպէսզի ընկճուած անձեր կարենան այցելել անոնց եւ խօսիլ իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ընտանիքը եւ միջավայրը նոյն ատեն պէտք է օգնեն այս անձերուն եւ մտիկ ընեն զիրենք` գիտնալէ ետք ախտանշանները: Ապա պէտք է առաջնորդել հոգեբանի: Պէտք չէ մեղադրել զիրենք: Անասունները երբեմն իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան ընկճուած մարդոց վրայ: Ձեռագործ գործելը շատ լաւ է: Սակայն ծերերուն համար ամէնէն աւելի ուրախութիւն պատճառող ազդակը իրենց թոռնիկները տեսնելն է: Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու ծերանոցներուն մէջ ծերերուն պուպրիկ կու տան, որպէսզի իրենց անցեալի յիշողութիւնը ապրին: Այնճարի կամ այլ գիւղի մէջ ապրող մարդիկ կրնան քալել, խնձոր քաղել եւ իրենց կեանքի ձեւը փոխել, որպէսզի կարենան յաղթահարել ընկճուածութիւնը:

Դասախօսութեան աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին դասախօսին:

Ապա սննդագէտ Սարին Շէկեանը խօսեցաւ դեկտեմբեր ամսուան զուգադիպող ինֆլուենզային միջազգային օրուան մասին:

Իսկ կեդրոնի ընկերային ծառայող Սօսի Քիլոյեանը եւ տոքթ. Կարապետ Չպուքճեանը ներկայացուցին վերջերս Լիբանանի առողջապահութեան նախադասութեան հետ գոյացած համաձայնութիւնը, ըստ որուն, այն անձերը, որոնք ընկերային ապահովագրութեան սնտուկ (տաման) չեն արձանագրուած, բժշկական տարբեր ձրի քննութիւններ պիտի կատարեն «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ:

Նախորդը

Սփիւռքի Նախարարութեան Գործընթացը, Բայց Նաեւ` Շարունակականութիւնը

Յաջորդը

«ԼՕԽ-ի Աշխատանքային Ծիրը Բաւական Ընդարձակ Եւ Ճիւղաւորուած Է` Մանուկէն Մինչեւ Ծերունի». Սիլվա Սապունճեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.