Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը շաբաթավերջին Մուխթարայի մէջ նշեց իր հիմնադիրին` Քամալ Ժոմպլաթի ծննդեան 101-րդ տարեդարձը, նախագահութեամբ կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ ներկայութեամբ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթի: Մուխթարայի մէջ տեղի ունեցած այցելած բազմամարդ հաւաքին ընթացքին բարձրացան պաստառներ, որոնք կը կրէին վերջին իրադարձութիւններուն մասին Ուալիտ Ժոմպլաթի կատարած յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ գրութիւններ, որոնք կ՛ողջունէին Ժոմպլաթի յանդուգն կեցուածքները` ի խնդիր Լիբանանի եւ լիբանանեան պետութեան ու պետական հաստատութիւններուն հեղինակութեան պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան ամրապնդումին:
Ներկաները իրենց պաստառներուն ընդմէջէն հաստատեցին նաեւ, որ Մուխթարա էր ու կը մնայ պայքար մղողներու ամրոցը եւ համեստ դասակարգի ապաստանարանը:
Մուխթարայի մէջ համախմբուած բազմութիւնը, գլխաւորութեամբ Լեռնալիբանանի իսլամ ու քրիստոնեայ հոգեւորականներուն եւ ներկայութեամբ Ուալիտ ու Թայմուր Ժոմպլաթի առաջնորդուեցաւ դէպի Քամալ Ժոմպլաթին, դամբարանը եւ աղօթելէ ետք, ծաղիկներ զետեղեց անոր շիրիմին:
Քամալ Ժոմպլաթի դամբարանը հասաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որ ծաղկեպսակ մը զետեղելէ ետք, բարձր գնահատեց Քամալ Ժոմպլաթի դերակատարութիւնը:
Զասիփքին շեշտեց, որ իրենք միշտ կ՛օգտուին Քամալ Ժոմպլաթի իմաստութենէն` հաստատելով, որ Մոսկուա կը քաջալերէ լիբանանցիները կազմելու կառավարութիւնը` նկատի ունենալով Լիբանանի դէմ սպառնացող ապահովական եւ տնտեսական մարտահրաւէրները:



