Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին բացման ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 7 դեկտեմբերին, Մութթահետ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Լիբանանի ախոյեան` ՀՄԸՄ-ը:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ կատարած էր երկու մրցում եւ արձանագրած երկու յաղթանակ, երէկ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 78-72 արդիւնքով: Հիւսիսային խումբին համար այս յաղթանակը եղաւ տարեշրջանին երկրորդը (երկու յաղթանակի կողքին):
Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ ՀՄԸՄ-էն բացակայեցաւ Մայք Էֆիպրա:
Մութթահետէն բաւական լաւ ներկայացում մը ունեցաւ Մարվել Հերիս, որ նշանակեց 27 կէտ: Անոր խմբակից Ճիմի Սալեմ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ, 10 ռիպաունտ), մինչ Թրեֆիս Ֆրանքլին` 13 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերուն, ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քրիս Ճոնսըն (18 կէտ, 6 ռիպաունտ): Էլի Ռըսթոմ նշանակեց 13 կէտ, 7 ռիպաունտ, Ուոլթըր Հոճ` 12 կէտ, 5 ռիպաունտ, մինչ Փաթրիք Պու Ապպուտ` 7 կէտ, 7 ռիպաունտ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Մութթահետ ունեցաւ 6 կէտ, իսկ ՀՄԸՄ` 7 կէտ:
ՀՄԸՄ նշանակեց 12 թրի փոյնթ, մինչ Մութթահետ` 6: ՀՄԸՄ էսիսթով եղաւ աւելի լաւ,18` փոխան 12-ի:
ՀՄԸՄ-ի կրած այս պարտութենէն ետք, այժմ անպարտելի խումբ չմնաց:



