Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիւմրիի Մէջ Վարչապետի Պաշտօնակատարը Մասնակցած Է Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկին

December 8, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1988-ի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ,  Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան երէկ Գիւմրիի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած է երկրաշարժի զոհերու յիշատակին:

Փաշինեան ժամը 11:41-ին ծաղկեպսակ զետեղած է Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած յուշակոթողին, ներկայ գտնուած է զոհերու յիշատակին մատուցուած հոգեհանգստեան արարողութեան:

Վարչապետի պաշտօնակատարը հանդէս եկած է ելոյթով, ուր նշած է. «Երկրաշարժէն 30 տարի ետք աղէտի գօտի հասկացողութիւնը վերացուած չէ: Երբ կ՛ըսենք աղէտի գօտի, նախ եւ առաջ պէտք է նկատի ունենանք, թէ որքանո՛վ վերականգնուած է մարդոց վստահութիւնը սեփական ուժերուն նկատմամբ, որքանո՛վ  վերականգնուած է լաւատեսութիւնը վաղուան օրուան նկատմամբ, որքանո՛վ վերականգնուած է յոյսը, որ զոհերու կիսատ մնացած գործերը եւ երազանքները պիտի դառնան իրականութիւն: Աղէտի գօտիի վերականգնման այսպիսի հայեցակարգը աւելի կարեւոր է եւ անհրաժեշտ», ըսած է ան:

Ան յոյս յայտնած է, որ մարդոց վստահութիւնն ու լաւատեսութիւնը պիտի վերականգնի:

Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը, կառավարութեան անդամները, Երեւանի քաղաքապետը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարի տեղակալ Նիքոլայ Գրեչուշկին, Միացեալ Նահանգներու Քանզասի նահանգապետ Ճեֆ Քոլյըր:

Յատկանշական էր նաեւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը` վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, Գիւմրիի մէջ արտակարգ նիստ մը գումարեց:

Կառավարութեան նիստին միաձայնութեամբ ընդունուած է 7 դեկտեմբերը հռչակել երկրաշարժի զոհերու օր: Քննարկուած է Գիւմրիի անօթեւաններու հարցը:

Նախորդը

Արցախի Մէջ Նախագահ Բակօ Սահակեանի Մասնակցութեամբ Յարգանքի Տուրք` Երկրաշարժի Զոհերուն

Յաջորդը

Վերաքննիչ Դատարանը Որոշած Է Կալանաւորել Ռոպերթ Քոչարեանը

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Սամուէլ Կարապետեան Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.