Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատու գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ ընկերային ցանցերուն կողմէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին վերագրուած խօսքի մը տարածումին: Խօսքը կը վերաբերէր կառավարութեան կազմութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ նախագահ Աունին վերագրուած եւ շրջանառութեան մէջ դրուած մեկնաբանութիւնները անճիշդ են:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աուն շեշտած է, թէ վարչապետի նշանակումին իրաւունքը սահմանադրութեան կողմէ շնորհուած է երեսփոխաններուն, որոնք ատիկա կը կատարեն հանրապետութեան նախագահին հետ պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին:
Նախագահ Աուն շեշտած է նաեւ, որ մէկ կողմէ նկատի ունենալով այս իրողութիւնը, իսկ միւս կողմէ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին խոչընդոտումը, ապա բնական է, որ հանրապետութեան նախագահը այս հարցը խորհրդարանին տրամադրութեան տակ դնէ:
Հաղորդագրութիւնը եզրափակուեցաւ տեղեկատուական գրասենեակին կողմէ կատարուած այն մաղթանքով, որ իւրաքանչիւր լրատուամիջոց հանրապետութեան նախագահին վերաբերող լուրերը իրմէ ստուգէ եւ ըստ այնմ հրապարակէ:
Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթն ու հարաւային Լիբանանի զարգացումները:
Նախագահ Աունի այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը` ընկերակցութեամբ իր խորհրդականին` Ֆուատ Ապու Նատերի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական իրավիճակը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի:



