Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» Տօնավաճառի Բացում

December 7, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» տօնավաճառին:

Սոյն տօնավաճառը կազմակերպուած էր ՔԱՀԼ-ի Հայ տարեցներու տան տիկնանց յանձնախումբին, տնօրէնութեան եւ հաստատութեան «Ծիրանի» խոհանոցին կողմէ յաջորդաբար  5-րդ տարին ըլլալով, իսկ հովանաւորն էր տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Սօսի Մենտիլեան:

Ժապաւէնը կտրելէ առաջ բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատուելի Սեպուհ Թերզեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ նշեց,  որ 5-րդ տարին ըլլալով կազմակերպուած է այս տօնավաճառը: Պատուելին ըսաւ, թէ այս տօնավաճառը միայն ուտեստեղէն եւ զարդեղէն ծախելու առիթ չէ, այլ նաեւ առիթ է այցելելու տարեցներուն այս տան մէջ: Ան հրաւիրեց ներկաները այցելելու տարեցներուն, որովհետեւ տօնավաճառին նպատակներէն մէկն է «Օփըն Հաուս»-ը եւ ծանօթացումը: Ան ասիկա պատիւ ու յարգանք նկատեց տարեցներուն նկատմամբ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես ժրաջան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին գործունէութեան, որ տարեկան երկու ձեռնարկներով` տօնավաճառ եւ մայրերու օր, իր ներդրումը կ՛ունենայ Հայ տարեցներու տան բարգաւաճման:

Ապա պատուելի Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Ծիրանի» խոհանոցի խոհարար տիկիններուն, որոնք մեծ դեր ունին այս տօնավաճառին յաջողութեան գործընթացին մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ հաստատութեան խնամակալութեան, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին, օրուան հովանաւոր Սօսի Մենտիլեանին եւ ներկաներուն` իրենց աջակցութեան ու հոգատարութեան համար:

Պատուելի Թերզեան իր խօսքին վերջին բաժինով յայտնեց, որ տօնավաճառին կողքին տօն մը կայ: Այդ տօնին տէրը Յիսուս Քրիստոս է, Անոր ծնունդն է: Պէտք չէ մոռնանք տօնական այս օրերու հապճեպին եւ եռուզեռին մէջ մեր փրկչին Ս. Ծնունդը: Հետեւաբար ան այս տօնավաճառին յաջողութեան համար փառք տուաւ Աստուծոյ:

Վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանի փառաբանութեան աղօթքէն ետք, տօնավաճառին ժապաւէնը կտրեցին ՔԱՀԼ-ի տնօրէնն ու ձեռնարկին հովանաւոր Սօսի Մենտիլեան: Հոն ներկայացուած էին ՔԱՀԼ-ի «Ծիրանի» խոհանոցի ուտելիքներու տեսականին, Նոր տարուան զարդեղէններ, հայաստանեան գինիներ, մրգեղէններ եւ այլն:

Հոծ բազմութիւնը բարձր գնահատեց կատարուած աշխատանքը:

Նշենք, որ «Ուրախացի՛ր, Ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը պիտի շարունակուի նաեւ այսօր` ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00, ՔԱՀԼ-ի սրահին մէջ:

Առ ի տեղեկութիւն, ՔԱՀԼ-ի «Ուրախացի՛ր, ուրախացո՛ւր» տօնավաճառը ծնունդ առաւ «Ծիրանի» խոհանոցին հաստատուելէն ետք, որ ուտելիքներու հարուստ տեսականի մը ունի եւ հանրութեան կողմէ լաւ ընդունելութիւն գտած է: Այս խոհանոցը հաստատուեցաւ օգտակար հանդիսանալու համար ՔԱՀԼ-ի զանազան ծախսերուն:

 

Նախորդը

Բոլոր Ժամանակներու Հայ Ազգային Քաղաքական Հանգանակին Խտացումը` Դաշնակցականութիւնը

Յաջորդը

Արուեստագիտուհի Լիւսի Թիւթիւնճեանի Անհատական Ցուցահանդէսին Հասոյթը` Բարեսիրական Նպատակներու

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովին Բացումը Երեւանի Մէջ. Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին` 300.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն ՀՄԸՄ-ին

November 6, 2026
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիագումար Նիստերը Երեւանի Մէջ

November 6, 2026
Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին.   «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին
Գաղութային

Մասնակցութեամբ «Կարէն-Սեւակ» Նուագախումբին. «Քնար» Պարախումբի «Արմատներու Կանչը» Պարային Իւրայատուկ Ելոյթը Արժանացաւ Մեծաթիւ Հանդիսատեսներու Գնահատանքին

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.