Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պաղտատի մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցերը, յատկապէս երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Պասիլի ընկերակցեցան փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի, երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Լուիս Լահուտ եւ կարգ մը լիբանանցի գործարարներ:
Իրաքի մէջ Պասիլ իր հանդիպումներու շարքը սկսաւ Իրաքի վարչապետ Ատել Ապտել Մեհտիին հետ:
Քննարկուեցան լիբանանեան-իրաքեան համագործակցութիւնը աշխուժացնելու կարելիութիւնները, յատկապէս զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ներդրումներու փոխանակում կատարելու իմաստով:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լիբանանի, Իրաքի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ տնտեսական արեւելեան շուկայ մը հիմնելու հարցին:
Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք իրաքցիներուն հետ պիտի վարուին Ծոցի երկիրներէն Լիբանան ժամանող քաղաքացիներուն հետ համահաւասար:
Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալեհի հետ: Ան Սալեհին յանձնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ յղուած հրաւէր մը` մասնակցելու համար Պէյրութի մէջ յառաջիկայ յունուարին տեղի ունենալիք Տնտեսական բարգաւաճման արաբական վեհաժողովին:
Պասիլ շեշտեց, որ Իրաք եւ Լիբանան յաղթեցին ահաբեկչութեան` մաղթելով, որ Սուրիա եւս յաղթէ անոր:
«Այսօրուան մարտահրաւէրը այդ է, որ մենք կարենանք յաղթահարել նաեւ մեր ներքին հարցերը եւ Լիբանանի ու Իրաքի համար ստեղծենք այնպիսի տնտեսութիւն, որով բարօրութեամբ կ՛ապրին լիբանանցի եւ իրաքցի ժողովուրդները», ըսաւ ան:
Պասիլ այցելեց նաեւ իրաքցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ալի Հաքիմի:
Երկարատեւ հանդիպումէն ետք շեշտուեցաւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիան դարձեալ Արաբական լիկայի անդամ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը:
Համաձայնութիւն գոյացաւ լիբանանեան-իրաքեան համագործակցութիւնը ամրապնդելու շուրջ:
Հաքիմ շեշտեց, որ Սուրիա կ՛ուղղուի դէպի կայունութիւն` աւելցնելով, որ Սուրիա-Իրաք սահմանամերձ շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը զիրենք կը մտահոգէ:
Իր կարգին, Պասիլ հաստատեց, որ լիբանանեան տնտեսութիւնը կարելի պիտի չըլլայ բարելաւել` առանց լուծելու սուրիացի տեղահանուածներուն հարցը:
Էրպիլի մէջ Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախկին նախագահ Մեսուտ Պարզանիի եւ վարչապետ Նուճիրվան Պարզանիի հետ:
Քննարկուեցան երկկողմանի տնտեսական գործակցութիւնը աշխուժացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ ներդրումներ կատարելու կարելիութիւնները:
Պասիլ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ առեւտուրի պալատի ներկայացուցիչներուն հետ` հաստատելով լիբանանցիներուն ունեցած հսկայ դերակատարութիւնը Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի տնտեսական բարգաւաճման մէջ:




