Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը շաբաթավերջին 378 մարդ ձերբակալած է բողոքի ցոյցերու ընթացքին: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդեն ֆրանսական լրատուամիջոցները:
Փարիզի մէջ ոստիկանութեան ղեկավար Միշել Տելփիւէշ յայտարարած է, թէ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ անկարգութիւնները հասած են «աննախադէպ» մակարդակի: Ան դատապարտած է այդ արարքները:
Տելփիւէշ նաեւ յայտնած է, որ Փարիզի մէջ բողոքի ցոյցերու ընթացքին ցուցարարները հրկիզած են վեց շէնք, ինչպէս նաեւ հարիւրէ աւելի ինքնաշարժ: Անոր համաձայն, ցուցարարները ոստիկանութեան հետ բախումներու ընթացքին օգտագործած են մուրճեր եւ հողագործութեան գործիքներ:
«Էռ.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանը 3 դեկտեմբերին հրապարակած է հարցախոյզի մը արդիւնքները, որոնք ցոյց կու տան, թէ ֆրանսացիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը առաջուան նման կը զօրակցի «դեղին բաճկոնաւորներ»-ու շարժումին, հակառակ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններուն:
Հարցախոյզի տուեալներուն համաձայն, Ֆրանսայի բնակիչներուն 72 առ հարիւրը կը զօրակցի շարժումին:



