Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին, ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00 տեղի ունեցաւ համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելում, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ: Արեւելումին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ 4 վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աւելի քան 150 աշակերտներ, որոնք հերթաբար հասան սրահ եւ տեղեկութիւններ ու ցուցմունքներ ստացան համալսարաններու, մասնագիտութիւններու, կրթանպաստներու եւ ուսման վերաբերող այլ նիւթերու մասին: Սրահին մէջ զետեղուած էին սեղաններ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատկացուած էր համալսարանական մասնագիտութեան մը (ներկայացուեցան աւելի քան 25 մասնագիտութիւններ` գիտական, լեզուներ, ընկերային գիտութիւններ, ճարտարագիտութիւն, տնտեսագիտութիւն, բժշկագիտութիւն, դեղագործութիւն եւ այլն):
Աւելի քան 20 տարիէ ի վեր կազմակերպուող ձեռնարկին նպատակն էր մէկտեղել հայկական վարժարաններու երկրորդական դասարաններու աշակերտութիւնն ու բոլոր մասնագիտութիւններէն տակաւին ուսանող կամ աւարտած եւ իրենց ասպարէզին մէջ աշխատող երիտասարդները, որոնք հետաքրքրուած աշակերտներուն ներկայացուցին իրենց մասնագիտութիւնը, պատասխանեցին անոնց հարցումներուն եւ փոխանցեցին իրենց փորձառութիւնը: Աշակերտներուն ներկայացուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ գործող զանազան համալսարաններու մասին տեղեկութիւններ` ընդունման պայմաններ, դիմումնագիրներ ներկայացնելու պայմանաժամեր, մասնագիտութիւններ եւ կրթանպաստներ: Այսպիսով, աշակերտները առիթը ունեցան զրուցելու այդ երիտասարդներուն հետ իրենց նախասիրած մասնագիտութիւններուն մասին` յստակացնելու համար ապագայի իրենց գործի առիթներն ու պայմանները:





