Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին այցելեց Տըքուանէի «Ֆունտուքիա» դպրոց-հիմնարկը, ուր դիմաւորուեցաւ «Ֆունտուքիա»-ի կրթական բաժինի պատասխանատու տնօրէնի` Սալամ Եունեսի ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Եունեսի, «Ֆունտուքիա»-ի արհեստից հիմնարկի տնօրէն Մըթրի Ապու Զէյտի, «Ֆունտուքիա»-ի դպրոցի բաժինի տնօրէն Ժորժեթ Ապտել Սաթերի, Հազմիէի քաղաքապետ Ժան Ասմարի, Ժտէյտէի եւ Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետներու ներկայացուցիչներու եւ մեծ թիւով ուսուցիչներու, դասախօսներու եւ ուսանողներու կողմէ:
Նախարար Կիտանեան շրջեցաւ «Ֆունտուքիա» դպրոց-հիմնարկին տարբեր բաժանմունքներուն մէջ` ցաւ յայտնելով կրթական այս հաստատութեան պարզած իրավիճակին համար:
Ան խոստացաւ ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին դպրոցին օժանդակութիւն ապահովել:
Ապա տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին Ժոզեֆ Եունես իր խօսքին մէջ ողջունեց նախարար Կիտանեանը` հաստատելով, որ «Ֆունտուքիա»-ն զբօսաշրջական կառոյց մըն է, ուր պէտք է ուսման արդիական բոլոր միջոցները գտնուին:
Ան հաստատեց, որ արհեստից դպրոց-հիմնարկին կրթական բաժինի տնօրէնութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի կրթական-զբօսաշրջական այս կառոյցը բարգաւաճի:
Իր կարգին, նախարար Կիտանեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ տխրութիւն յայտնեց, որ «Ֆունտուքիա»-ն այդ վիճակով տեսած է:
«Դպրոցը անտեսումի ենթակայ դառնալու տպաւորութիւն կը ձգէ: «Ֆունտուքիա»-ն դպրոց մըն է, որ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործող մասնագիտացած մարդուժ կը հայթայթէ», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան աւելցուց, որ «Ֆունտուքիա»-ն կարեւոր հաստութիւն մըն է զբօսաշրջութեան մարզին համար` աւելցնելով, որ զբօսաշրջութիւնը ազգային տնտեսութեան արձանագրած շարժին առաջին զօրակցողն է: «Ֆունտուքիա»-ն կարիք ունի որոշ միջոցներու եւ սարքերու, որպէսզի բարելաւէ ինքզինք եւ վերադառնայ իր նախկին կարեւոր առաքելութեան», շեշտեց նախարարը:
Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ Լիբանան սիրոյ ու զօրակցութեան կարիք ունի եւ ճիշդ չէ լուսարձակի տակ առնել միայն այն, ինչ որ սխալ կամ խոցելի է երկրին մէջ: «Լիբանան կարիքը ունի, որ իր գեղեցիկ պատկերը ներկայացուի աշխարհին, որովհետեւ ան զբօսաշրջութեան բոլոր չափանիշները կ՛ամբողջացնէ: Կրթական այս հիմնարկը եւս կարիքը ունի մեր զօրակցութեան եւ սիրոյն, որովհետեւ ան իր ուսանողներուն պէտք եղած ուսումը կը ջամբէ, հակառակ իր օգտագործած համեստ եւ ոչ արդիական սարքերուն, «մինչդեռ միլիոնաւոր գումարներ կը ծախսուի անկարեւոր հարցերու համար», ըսաւ նախարար Կիտանեան:
Մեր պարտականութիւնն է բարձրացնել այս տեսակի դպրոց-հիմնարկներուն մակարդակը` ապահովելով արդիական սարքերու վրայ ուսանողներուն վարժութիւնները, եւ ոչ թէ 1945-էն ի վեր օգտագործուող սարքերով կատարել դասաւանդութիւնները, շեշտեց Ա. Կիտանեան:
Ան հաստատեց, որ ինք զբօսաշրջական-խոհանոցային մարզին հետ պիտի գործակցի, որպէսզի կարճ ժամանակ ետք կարենայ «Ֆունտուքիա»-ին համար ապահովել արդիական սարքեր, ինչպէս նաեւ պիտի փորձէ աշխատանքի կոչել այն պանդոկը, որ հիմնարկին մէջ կը գտնուի, որպէսզի ուսանողները կարենան իրենց վարժութիւնները կատարել` «Ֆունտուքիա»-ի տրամադրելիք ծառայութիւններուն ընդմէջէն:
«Զբօսաշրջական մարզի իր փորձառութեան եւ կարողութիւններուն մէջ կաշկանդուած Լիբանանը արտաքին աշխարհին կու տայ զբօսաշրջութեան մարզի փորձագէտներ», ըսաւ ան` խոստանալով գործակցիլ եւ խորհրդակցիլ «Ֆունտուքիա» դպրոց-հիմնարկին բոլոր կարիքները ապահովելու համար:



