«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երեք ճակատումներ:
Թորոնթօ Ռեփըրզը, որ հիւրընկալեց գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 131-128 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Թէեւ Քեւին Տիւրանթ նշանակեց 51 կէտ, սակայն ատիկա չկրցաւ յաղթանակ ապահովել անոր կազմին, որ կրեց իր 8-րդ պարտութիւնը: Քաուհի Լէոնարտ (Ռեփթըրզ) նշանակեց 37 կէտ:
Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 104-96 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին: Լեպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ) նշանակեց 38 կէտ:
Լոս Անճելըս քաղաքի երկրորդ խումբը եւս` Քլիփըրզ յաղթանակ մը արձանագրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտին վրայ (133-121):



