Միջազգային մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ «Լիպերթատորես» ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 դեկտեմբերին, «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ (Մատրիտ), ուր իրարու դէմ պիտի մրցին արժանթինեան Ռիվըր Փլէյթը եւ պրազիլական Պոքա Ժունիորզը:
Արքայական ակումբը` ՌԷալ Մատրիտ, Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, ՖԻՖԱ-ին եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին տուաւ իր հաւանութիւնը` հիւրընկալելու դարձի այս մրցումը:
Երթին կազմերը իրարու դէմ արձանագրեցին 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը, Պրազիլի մէջ:
Սակայն դարձի մրցումը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ արժանթինեան ակումբին համակիրները Պուէնոս Այրեսի մէջ յարձակեցան Պոքա Ժունիորզի փոխադրակառքին վրայ, որուն ընթացքին արձանագրուեցան վիրաւորներ:



