Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախագահ Միխայէլ Պոկտանով Մոսկուայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդատու Ժորժ Շաապանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պոկտանով մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կազմուի:
Ան հաստատեց, որ Մոսկուա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան` մերժելով ներքին լիբանանեան հարցերուն արտաքին ուժերուն միջամտութիւնը:



