ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան ուրբաթ օրուան նամազէն ետք ամօթալի նկատեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ կատարուած ցեխարձակումներն ու կազմակերպուող արշաւները, որոնք միայն քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն:
ՊԱԱԼՊԵՔԻ Շարաուինա շրջանին մէջ լիբանանեան բանակին իրականացուցած ապահովական գործողութեան մը ընթացքին 4 յանցագործներ սպաննուեցան:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիսթաֆըր Ռամպլինկի հետ: Հանդիպումին ընթացքին երկու կողմերը քննարկեցին տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ ներդրումները աշխուժացնելու հեռանկարները:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ այս փուլին մագլցողական կեցուածքները սխալ են` աւելցնելով սակայն, որ իրենք ստիպուած են ատիկա կատարել, որովհետեւ իրենց իրաւունքը կը պահանջեն:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Շամել Ռուքոզ շեշտեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն, որպէսզի կառավարութիւնը կարելի ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան արձանագրած յապաղումը Լիբանանին վնաս կը հասցնէ:
ԱԶԳԱՅԻՆ Ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի յայտնեց, որ զգուշաւոր լաւատեսութիւն ունին` մինչեւ տարեվերջ կառավարութիւն մը կազմելու իմաստով:
ԱՆԿԱԽ սիւննի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ հաստատեց, որ Խորհրդակցական հանդիպումը պիտի չընդունի ներկայացուիլ Դիմադրութեան ուղեգիծէն դուրս գործող նախարարով մը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Խուրի շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդը չունի, որովհետեւ անոր 11-րդ նախարարը Ժողովրդավարական հանդիպում եւ Լեռնալիբանանի երաշխիք երեսփոխանական պլոքներու համախոհական նախարարն է: Ան յայտնեց, որ Խորհրդակցական հանդիպումի երեսփոխաններուն հետ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հանդիպումը կրնայ սառցահալ մը ըլլալ, նոյնիսկ եթէ հարցը չլուծուի:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Ատուան շեշտեց, որ Լիբանան ի վիճակի չէ կառավարութեան կազմութեան յաւելեալ ուշացում ապրելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ Լիբանան դարձած է ապահովական կայունութիւն վայելող երկիր` լիբանանեան հողերը իսրայէլեան բռնագրաւումէն եւ ահաբեկչութենէն ազատագրելէ ետք:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատու մը հարց տուաւ, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի ինչպէ՞ս պիտի ընդունի այն երեսփոխանները, որոնք զինք դասալքութեան յանցանքով կ՛ամբաստանեն:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման գրասենեակի եւ մարդասիրական հարցերու համադրող Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու եւ անոնց նկատմամբ ՄԱԿ-ի դերակատարութեան վերաբերող հարցեր:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքան Շաքիլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ինք Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ կը հանդիպի Իրանի քայքայումէն ետք: Ան կոչ ուղղեց բոլորին համագործակցելու` կանխարգիլելու համար լիբանանեան պետութեան քայքայումը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին Ներքին ապահովութեան ուժերու վարչական աշխատանքին մեծամասնութիւնը պիտի կատարուի համակարգչային դրութեամբ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով քաղաքական աղբիւրներէ, հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ է:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով զինուորական աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ է, ինչպէս նաեւ կը հաստատէ, որ պայթումի մտահոգութիւններ չկան:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կ՛ուղղուի անձամբ զիջելու նախարարներու իր չափաբաժինէն` լուծելու անկախ սիւննի երեսփոխաններու ներկայացուցչութեան հարցը:


