27 տարեկան նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն երրորդ անգամ ըլլալով պաշտպանեց աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, երբ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած թայ-պրէյքի ճակատումին 3-0 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանային:
Դիմուեցաւ թայ-պրէյքին, որովհետեւ անոնց միջեւ 12 դասական մրցումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:
Տիտղոսակիր Քարլսըն ստացաւ 550 հազար եւրօ, իսկ Քարուանա` 450 հազար եւրօ:
27 տարեկան Քարլսըն, որ այսպիսով հանդիսացաւ աշխարհի 16-րդ ախոյեանը, առաջին անգամ տիտղոսին տիրացած էր 2013-ին` յաղթելով հնդիկ Վիշվանաթան Անանտին: 2014-ին ան պաշտպանեց տիտղոսը` դարձեալ յաղթելով Անանտի:
Ան 2016-ին դարձեալ պաշտպանեց տիտղոսը` այս անգամ յաղթելով ռուս Սերկէյ Քարժաքինին:



