Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ճիգ Չխնայել` Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը»

November 29, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց դատական իշխանութիւններուն եւ քննիչ մարմիններուն դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը` փտածութեան դէմ պայքարին առումով:

«Ինչո՞ւ աւազակը պիտի յանդգնի բացայայտօրէն գողնալ եւ մեզի պիտի արգիլուի բացայայտել այդ աւազակներուն եւ փտածներուն անուններն ու ինքնութիւնը եւ հաշուետուութեան կանչել զանոնք», հաստատեց Պըրրի:

Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մասին Պըրրի ընդգծեց, որ ամէնէն արագ միջոցին նոր կառավարութիւնը կազմելու համար ճիգ պէտք չէ խնայել:

Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան ջանքերը առկայ են` մաղթելով, որ անոնք դրական արդիւնքներով աւարտին, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ դիմագրաւել երկրին տնտեսական եւ ընկերային մարզերուն սպառնացող մարտահրաւէրները:

Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան չի կրնար այս ձեւով գոյատեւել: «Բոլորը պէտք է իրենց պատասխանատուութիւնները ստանձնեն եւ աշխատին կազմելու համար ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որ կը ներառէ քաղաքական բոլոր ուժերն ու կը դիմագրաւէ երկրին դէմ ծառացող տնտեսական, ընկերային եւ ելեւմտական մարտահրաւէրները:

Նշենք, որ հանդիպումէն ետք Պըրրի նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ բոլոր ջանքերը իր գործ դնելու` կառավարութեան կազմութեան ի խնդիր:

Միւս կողմէ, Պըրրիի այցելուները յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան հանգոյցը լուծելու իմաստով խորհրդարանի նախագահը արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի ճիգերուն մէջ բարի նպատակ եւ խանդավառութիւն նշմարած է:

Նոյն աղբիւրները յայտնած են, որ Պասիլի առաջարկած միտքերէն միայն երեքը առկայ են, սակայն անոնց շուրջ քննարկումներ պէտք է կատարուին, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Պասիլ կը յուսայ Ս. Ծննդեան տօնէն եւ Նոր տարիէն առաջ կառավարութեան կազմութեան ականատես դառնալ:

Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ ան չի նախընտրեր կառավարութեան կազմութեան ժամկէտ ճշդել, սակայն խոստացած է ուղղակիօրէն միջամտել, երբ շօշափելի քայլեր նկատուին:

 

Նախորդը

Յ. Թերզեան. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Պէյրութը Պատանդ Առնել»

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդը Քննարկեց Տօնական Օրերուն Որդեգրուելիք Ապահովական Միջոցառումներն Ու Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարելու Ծրագիրները

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.