Կ. ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Հայ աւետարանական քոլեճի հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուրբաթ, 16 նոյեմբերին Զուիցերիայէն իր ճազ նուագախումբին հետ ժամանած Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլիի համերգը իր տեսակին մէջ աննախընթաց էր եւ սրահը բերնէ-բերան լեցուցած երաժշտասէրներու յիշողութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ ապահովաբար:
Հալէպահայ երգչուհին, որ ճազային արուեստի մէջ իր երաժշտական կազմաւորումը ստացած է Ֆրանսայի մէջ նախապէս յաճախ ելոյթներ ունեցած է Լիբանանի մէջ: Այս համերգը, սակայն, ուշագրաւ էր ճազային արհեստավարժ իր եռեակով` դաշնակահար, երաժշտահան Օլիվըր Ֆրիտլի, կրկնաթաւահար (քոնթրբաս) Անտրէ Փուլազ, եւ հարուածային նուագարաններու մեկնաբան Բիուս Պաշնակըլ, որոնք ստեղծեցին գործիքային գեղեցիկ համադրում մը, կամ, այլ խօսքով, եռամիասնութիւն մը, որով հանդիսականին հրամցուցին հայկական ժողովրդական երգերու ճազային մեկնաբանութիւններ, ճազային հանրայայտ էջերէ ընտրանի մը, ինչպէս նաեւ Օլիվըր Ֆրիտլիի եւ Հուրի Աբարդեանի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը:
Նուագախումբի երեք երաժիշտները առանձնաբար կը գտնուէին իրենց ժանրի մէջ, արհեստավարժութեան կատարելագործումին մէջ, բայց մանաւանդ գնահատելի էր անոնց նրբաճաշակ զգացողութիւնը` մեկնաբանուած իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան նկատմամբ, եւ ունէին երաժշտական հաւաքական կերպար կերտելու համադրական մեծ վարպետութիւն:
Այս բոլորին զուգահեռ, համերգի ամբողջ տեւողութեան եռեակը եղաւ վստահելի ու բարձրորակ նուագակից` երգչուհիին:
Ուշագրաւ էր, որ հանրածանօթ ճազային ստեղծագործութիւններու կատարումին կողքին, երաժիշտները բարձր ճաշակով մշակած ու համադրած էին հայկական թեմաները:
Իր բեմականութեամբ եւ յուզականութեամբ, ինչպէս նաեւ ձայնի արտակարգ տիրապետմամբ օժտուած հայուհի Հուրի Աբարդեան-Ֆրիտլի իր այս համերգով անգամ մը եւս հաստատեց ինքզինք, նախ իբրեւ հայ իրականութեան ամէնէն վաւերական ճազ ոլորտի երգչուհիներէն մէկը, որ դուրս կու գայ հայկական շրջանակներէ եւ կրնայ բարձրագոյնս ներկայանալ այդ ոլորտի բոլոր միջավայրերուն մէջ: Դոյզն իսկ չզիջելով հանրածանօթ ոեւէ կատարողի, եւ ապա, իր ներշնչումն ու երգացանկի ընտրութիւնը կատարելով հայ երաժշտական գանձարանի ամէնէն վաւերական նմուշներէն, արդի գոյներով, նորովի կը մատուցէ զանոնք, օտար միջավայրերու մէջ տարածելով հայ երգը, այսպիսով ստեղծելով երաժշտական արժանահաւատ կամուրջ մը ո՛չ միայն հինին ու նորին, այլ նաեւ հայկականին ու համամարդկայինին միջեւ: Հրաշալի ու բարձրարժէք կատարում, նրբաճաշակ ու արհեստավարժ մշակումներ, բեմական անմիջականութիւն եւ հմայք, յուզառատ երաժշտականութիւն եւ երգչուհիի ձայնային ու կատարողական իւրայատկութիւն: Այս փունջը եղաւ գլխաւոր ստորոգելիներ հայ դպրոցի յարկին տակ տրուած իւրատեսակ երաժշտական երեկոյին, իսկ բոլոր ներկաներուն ու կազմակերպիչներուն երախտիքի մարմնացումը եղան վարժարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյեանի կողմէ արուեստագէտներուն յանձնուած յուշանուէրները:



