Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին անդրադարձած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ կազմակերպութեան նոր ընդհանուր քարտուղարի նշանակման շուրջ ծաւալող քննարկումներուն: Մեծամօրի հիւլէական կայանին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին դեսպանը ընդգծեց, որ ՀԱՊԿ-ի մէջ բոլոր հարցերը լուծում պիտի ստանան համախոհութեան միջոցով:
«ՀԱՊԿ-ի մէջ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին համախոհութեան միջոցով: Ես կասկած չունիմ, որ ճիշդ այդպէս ալ պիտի ըլլայ, որովհետեւ բոլոր երկիրները շահագրգռուած են, որպէսզի կազմակերպութիւնը աշխատի եւ ընդհանուր անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ ունենայ այն ներդրումը, որ կազմակերպութենէն կ՛ակնկալուի», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` ըսաւ Սերկէյ Քոփիրքին:
Դեսպանը չուզեց պատասխանել այն հարցումին, թէ ո՞վ պիտի շարունակէ վարել ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը: «Եկէ՛ք այդ հարցը ձգենք մեր երկիրներու ղեկավարներու որոշումին: Ես լիազօրուած չեմ խօսելու անոնց փոխարէն: Այդ ամէնը կը քննարկուի, ինչպէս գիտէք, եւ ես վստահ եմ, որ պիտի ըլլայ այնպիսի որոշում, որ մեր կազմակերպութիւնը այս իրավիճակէն աւելի ամրապնդուած դուրս պիտի գայ», նշեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը:



