Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կիներուն Դէմ Բռնութիւնը Խիստ Մերժելի Է Իր Բոլոր Ձեւերուն Մէջ» Շեշտեց Քլոտին Աուն

November 28, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիները բռնութեան ենթարկելու դէմ պայքարի 16 միջազգային օրերուն առիթով, Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Քլոտին Աուն երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ «Տակաւին կանուխ է» արշաւին: Ան նշեց, որ կիներու իրաւունքներու թղթածրարը համաշխարհային հարց է` աւելցնելով, որ աշխարհի վրայ չկայ արշաւ մը, որ ժամանակ չէ խլած: «Այսօր ընկերութիւնը զարգացած է, իսկ կարիքները` փոխուած: Հետեւաբար շատ կանուխ է, որ 18 տարիքը չամբողջացուցած պարմանուհի մը ճակատագրական որոշումներ տայ` պսակուելու եւ երեխաներու կրթութիւն ստանձնելու իմաստով», յայտնեց Աուն:

Քլոտին Աուն հաստատեց, որ նախանցեալ օր 10 երեսփոխաններ ստորագրեցին կնոջ պաշտպանութեան օրէնքը բարեփոխումի ենթարկելու նախագիծը` մաղթելով, որ անիկա շուտով քննարկուի եւ վաւերացուի խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին: «Կիներուն դէմ բռնութիւնը խիստ մերժելի է իր բոլոր ձեւերուն մէջ, ըլլայ ան ֆիզիքական, բարոյական կամ սեռային», հաստատեց Աուն:

Քլոտին Աուն իր խօսքը ուղղեց լիբանանցի կնոջ` կոչ ուղղելով անոր, որ մերժէ բռնութիւնը, շեշտելով, որ այսօր զինք պաշտպանող օրէնք կայ: «Ո՛չ մէկ կին պէտք է ընդունի իր դէմ գործուած բռնութիւնը` ըլլայ ան իր հօր, ամուսինին թէ այլ անհատի կողմէ», ըսաւ ան:

Քլոտին Աուն հաստատեց, որ մարդկային իրաւունքները խախտող ընկերութիւնը, որ կ՛արտօնէ կիներուն դէմ բռնութիւնը, ինքզինք, ինչպէս նաեւ իր տնտեսական, ընկերային եւ մտաւոր աճը կը հաշմէ:

Նշենք, որ Կիները բռնութեան ենթարկելու դէմ պայքարի 16 միջազգային օրերուն առիթով կիրակի երեկոյեան նախագահական պալատը եւ Պաալպեքի հնութիւնները նարնջագոյնով լուսաւորուեցան:

Նախորդը

Մըրատ Կոչ Ուղղեց Հարիրիին Կազմելու Կառավարութիւն Մը, Որուն Մէջ Ներկայացուած Ըլլայ Անկախ Սիւննի Երեսփոխաններէն Մէկը

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Լուծելու Կառավարութեան Կազմութիւնը Արգելակող Հանգոյցը

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.